Լոս Անճելըսի մէջ գործող Ազգային վարժարաններու 2024-2025 ուսումնական տարուան աւարտական հանդէսներու շրջանը հասած է իր լրումին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
«ՇԱՄԼԵԱՆ»
Շաբաթ, 14 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի տնօրինումով՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Մկրտիչ Ա. քհնյ. Քէշիշեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղան Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ երեք հանգրուանով կատարուած՝ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի ամավերջի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւններուն:
Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10ին վկայականներ ստացան վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտ փոքրիկները, ժամը 12:30ին՝ նախակրթարանի (6րդ դասարան) շրջանաւարտ պատանիները՝ աղօթքներովը երկու քահանայ հայրերուն, իսկ ժամը 2:30ին՝ միջնակարգի շրջանաւարտները՝ աղօթքով Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեանի եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի:
Զարեհ վրդ. Սարգիսեան առաջնորդ սրբազան հօր անունով օրհնեց ու գնահատեց յիսնամեայ յոբելեար Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր բաղադրիչները, շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները, որոնք կոչուեցան «Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի 50ամեակի սերունդ»:
«ԹԱՒԼԵԱՆ»
14 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 4ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ, շրջանի Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց կեանքի առաջին վկայականները ստացան ձեռամբ առաջնորդին ներկայացուցիչին՝ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանի:
Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր տէր հայրը շնորհաւորեց եւ օրհնեց շրջանաւարտներ եւ անոնց ծնողները, ապա աւուր պատշաճի գնահատեց մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչը, պատասխանատուները եւ իրենց շրջանի կրթական ու ազգային կեանքի բարգաւաճման նուիրուած բոլոր անդամները:
«ԳԱՊԱՅԵԱՆ»
Կիրակի, 15 Յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 2ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան Ազգային վարժարանի երկու բաժինները՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, տուին իրենց բարեբեր հունձքը եւ շրջանաւարտները ստացան համապատասխան վկայականներ ձեռամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդին ներկայացուցիչ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի: Տէր հայրը, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր՝ գնահատեց ժրաջան աշխատանքը շրջանաւարտ երկու խումբերուն եւ այս առիթով դրուատեց ծնողները, վարժարանի տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը, վարժարանի մեծ ընտանիքը ե համայնքի նուիրեալ ազգայինները ու հայրական օրհնութիւններ բաշխեց բոլորին՝ բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն՝ իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուանին մէջ: