image

Քորոնագրութիւն. Յետ-համավարակ / դադար 2.0. «մահացած ժողովուրդի մը ...»

Քորոնագրութիւն. Յետ-համավարակ / դադար 2.0. «մահացած ժողովուրդի մը ...»

«Մեկնումիդ և վերադարձիդ միջև չես գիտեր ի՞նչ փոխուած է, դարձած՝ տարօրէն տարբեր, ստուերային» -Գրիգոր Պըլտեան, ԵՐԿՈՒՔ, էջ 7

 

Յետ-համավարակը Քորոնաժահրի հետևողական ալիքներու «միջև»ի դադարն է: Նոր նորմալի գիտակցումը այդ դադարներու արձանագրում/թուագրումն է՝ համաձայն ...երորդ ալիքի տեղատըւութեան: Կայ միևնոյնշաբթի մը երբ կը մեկնիս և ուրիշ մը, միևնոյնշաբթի, երբ կը վերադառնաս և այդ ընթացքին Ժահրն արդէն կերպարանափոխուեր է:

Մեկնումը նիւթական աշխարհի ենթադրեալ արարք մըն է տակաւին: Թէև այն ալ կը միևնոյնանայ վերադարձին հետ, որ, երբեմնի ճամբորդները, կամ զբօսաշրջիկները (“¡Idiotas!”, կը յիշես, կը պռռար անոնց հասցէին Fernando Vallejo-ի բնածին մարդատեաց կերպարներէն մէկը տեսնելով զբօսաշրջիկներով լեցուն փոխադրակառք մը որ իր առջևէն  կ'անցնէր...), երբեք չեն արձանագրեր ոչ նկարներու, ոչ ալ իրենց յիշողութեան մէջ: Ի վերջոյ, մեկնում թէ վերադարձ պիտի դադրին, ինչպէս ամէն ինչ, նիւթական աշխարհի ենթադրեալ արարք մը ըլլալէ անմիջապէս որ Ալկորիթմը անցեալը վերածէ թուային յաւերժութեան:     

Վայրը՝ Արժանթինի հիւսիս արևելքը, Թիլքարա քաղաքէն քիչ մը դուրս, բլուրի մը վրայ Փուքարա՛ հնախուզական վայրը: Այդ անունով ծանօթ է տեղական արտադրութեամբ ռազմական օդանաւը, Փերոնի նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ արդիականացնելու ճարտարուեստը: Օդանաւը երբեք չյաջողեցաւ առևտրական յաջողութիւն մը ըլլալ, հակառակ որ այն ժամանակ եղած է արհեստագիտականօրէն առաջատար արտադրութիւն մը: Փերոն այս նստավայրէն ներշնչուած ընտրեց այդ անունը օդանաւին համար, կ'ըսէ այցելուներու փոքր խումբի մը առաջնորդող և վայրին մասին բացատրութիւն տուող ուղեցոյցը:

Բլուրը կը տիրապետէ ամբողջ հովիտին վրայ, և երբ տասնըհինգերորդ դարուն Ինքաները Անտեան լեռներէն տարածուեցան դէպի արևելք, հասան Հումաուաքա հովիտը, Փուքարան ընտրեցին որպէս այդ շրջանի մէջ իրենց վարչառազմական կեդրոն իր աշխարհագրական դիրքին համար: Տասնըվեցերորդ դարուն արդէն սպանացի նուաճողներու ժամանումն է: Փուքարան կը դատարկուի և կը լքուի, երբ նուաճողները կը ճզմեն ամէն դիմադրութիւն և կը տիրապետեն Նոր Աշխարհի ամբողջ հարաւային ցամաքամասին, բնական հարստութիւններուն, բնիկներու մարմիններուն, որոնք անհրաժեշտ էին հանքերուն մէջ և երկրագործութեան համար, անոնց հոգիներուն զորս կը «փրկեն» քրիստոնէացնելով... 

Տիրապետեցին մանաւանդ իրենց հաւաքական յիշողութեան: Քսաներորդ դարասկիզբին Փուքարայի աւերակները յայտնաբերած առաջին երկու հնախոյզներուն նուիրուած կոթող մը կայ, որ նահանգային կառավարութիւնը զետեղած է: Կոթողին վրայ կը կարդացուի. «Մահացած ժողովուրդի մը հազարամեայ մոխիրներուն մէջէն յայնաբերեցին բնիկներու մշակոյթներ՝ արձագանգ տալով լռութեան»... Երկար ժամանակ, կ'ըսէ ուղեցոյցը, Արժանթինի պաշտօնական պատմութիւնը անտեսած էր հազարամեակներու գոյութիւնը և յարաբերաբար խաղաղ համակեցութիւնը Հումահուաքայի նախաԻնքայական երկրագործ/անասնապահ էթնիկ խումբերուն, որովհետև անոնք չունէին պետական համակարգ, ոչ ալ արձանագրութեան որևէ հայեցակարգ: 

Կ'անդրադառնաս որ այդ այցելութիւնը, ուղեցոյցին տուած բացատրութիւնները, վայրին ծանօթացումը չեն միայն, այլ՝ իրական արձագանգը այն լռութեան որ պարտադրուեցաւ այդ ժողովուրդներուն, որոնց, ինչպէս յուշակոթողին վրայ արձանագրութիւնը կը վկայէ, նուաճողներն ու իրենց յաջորդները համարեցին «մեռած» -«Պատմութիւն չունեցող ժողովուրդներ», պիտի ըսէր Eric Wolf (Europe and the People without History -University of California Press, 1982):

«Երբեմն հեռաձայն կը ստանամ շրջանը զբօսաշրջիկական այցելութիւն կատարողներէ, որոնք ինծի հարց կու տան եթէ կան զտարիւն բնիկներ: Անոնց պատասխանս կ'ըլլայ՝ սելֆի մը ըրէք...»: 

Հաւանաբար քանի մը առիթներով փորձարկուած և իր յաջողակ հիւմուրի փաստը տուած դրուագ մը իր պատումին և ոչ թէ ինքնաբուխ կատակախառն նախադասութիւն մը: Բայց արդե՞օք կ'անդրադառնայ որ այդ սելֆիի պատկերին ընդմէջէն աւելին կ'ընէ քան պատգամել իւրաքանչիւր նման «զտարիւն» բնիկ փնտռողի թէ կայ այլ պատմութիւն մը, որ ամենէն առաջ գիտակցում է պատմական անարդարութեան մը: Կը հասկնա՞յ որ սելֆիէն Ալկորիթմ՝ վաղուայ յաւերժութեան համար այսօր թուայնացող պատմութեան սրբագրութեան գործն է որուն յանձնառութիւնը վերցուցած է, ինք՝ երբեմնի «մահացած» մը որ այսօր կը վերականգնի որպէս կենդանի յիշողութիւն դարերու ընթացքին իրենց պարտադրուած կրօնքի մը ծիսակատարութեանց մէջ պահպանելով իրենց էթնիկ սովորութիւնները որպէս լուռ դիմադրութիւն նուաճողի տիրապետութեան: 

Հումաուաքայի քրիստոնէացումէն տասներեք դար առաջ Հին Աստուածները ինչպէ՞ս դիմադրած էին, ինչպէ՞ս իրենց տեղը գտած էին նոր կրօնքի ծիսակատարութեան մէջ և իրենց ներկայութիւնը յուշած: Ո՞վ բանաստեղծէն զատ համարձակած է այս հարցումները և շատ ուրիշներ քերթուածել, թերևս անոնց վերակենդանացման փորձով մը՝ «Հայկեան Հանճարը» փնտռելու «յանուն Սէրին, յանուն Սերմին, քու հին Ցեղիդ մարմարէն կոյս...» կը մտածես Փուքարայէն Թիլքարայի հանրային փոխադրակառքերու կայարան տանող ճամբուն վրայ: Անգամ մը ևս չես յաջողած հեռանալ, և ուրեմն մեկնումն ալ տեղի չէ ունեցած: Ամէն ինչ հոն է արդէն, բջիջայինին վրայ՝ «կը ներէք, բայց ինձ համար նրանք չկան...», «լմանը դիտեցէք, մոնտաժ է», Սոչի և յետոյ Պրիւքսէլ, և երկրորդ անգամ դրան զանգը հնչեցնող նամակաբերը՝ «Թուրքայէն և Ազրպէյճանէն վտանգ չեմ տեսներ», և թերևս շուտով վերաթարմանան ատենուայ սոփեստութիւնները՝ «չթշնամանք» որպէս հայելի, ուր դէմքն է Ցեղասպանութեան ամենակատաղի ուրացող դիւանագէտ ճիւաղին, որ նշանակուած է բանակցող՝ արդէն ընդունուած պայմաններով յարաբերութիւններու բնականոնացման...

Պատշգամ, երեկոյ, միևնոյնշաբթի, ան«միջև» վերադարձն է (ան)ծանօթին, նոր նորմալը:

 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...