image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա» ժահրի դէմ շուրջ 2000 պատուաստանիւթ հասցուած է Արցախ՝ ռուս խաղաղապահներու համար

«Քորոնա» ժահրի դէմ շուրջ 2000 պատուաստանիւթ հասցուած է Արցախ՝ ռուս խաղաղապահներու համար

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու համար առաքուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի շուրջ 2000 չափաբաժին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՌԴ ՊՆ-ն:

Ինչպէս նշած են մամուլի ծառայութեան մէջ՝ ռազմական բժիշկներն արդէն կը պատուաստեն խաղաղապահները: Այն երկու փուլով կ'իրականացուի: Առաջինը պատուաստուած են խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնն ու ռազմական բժիշկները: