Եթէ ողջ մնաք, դիւրին է ետ նայիլ եւ մտածել, որ այդ այնքան ալ վատ չէ: Անոնք, որոնք մահացած են, մօտ չեն իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համար, թէեւ անոնց սիրելիները հզօր միջամտութիւններ կատարած են: Գործընկերը, որ կորսնցուցած է իր 34-ամեայ զաւակը 2021 թուականին, յիշեցուց ինծի, որ այս ձայները բաւականաչափ չեն լսուիր: Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 230 հազար մարդ մահացած է հիւանդութեան պատճառով:
Ահա թէ ինչպէ՛ս ես կը պատմեմ այն, որ տեղի ունեցաւ համաճարակի ժամանակ. 2020 թուականին կառավարութիւնները, որոնք ունէին հետեւողական ուղերձ եւ համահունչ ծրագիր, օգտագործեցին հանրային առողջութեան միջոցներ, ինչպէս` զանգուածային փորձարկումները, դիմակները եւ իրազեկման արշաւները, ստիպուած չէին դիմել խիստ միջամտութիւններու կամ նոյնիսկ հասարակական փակումներու: 2020 թուականի ամրան փորձարկման տուեալները ցոյց տուին, որ մենք շուտով կ՛ունենանք պատուաստներ: Այդ պահուն իւրաքանչիւր երկիր պէտք էր փորձէր ժամանակ շահիլ նախքան պատուաստներու կիրարկումը` օգտագործելով քննութիւններ` դէպքերը բացայայտելու եւ վարակի շղթաները դադրեցնելու համար: Այդ ընելը առանց կրթութեան, հասարակութեան եւ տնտեսութեան մէջ էական խափանումներ պատճառելու` հսկայական մարտահրաւէր էր: Կարգ մը երկիրներ եւ շրջաններ յաջողեցան ճիշդ հաւասարակշռութիւն հաստատել: Միւսները չեն ըրած:
Երբ պատուաստները ժամանեցին 2020 թուականի դեկտեմբերին, նպատակը փոխուեցաւ: «Քորոնա»-ի տարածումը պարզապէս զսպելու փոխարէն` առողջապահական մարմինները սկսան փորձել հնարաւոր ձեւով արագ պատուաստել մարդիկը:
«Կարտիըն» թերթը քաղաքականութեան, առեւտուրի, գրականութեան, հոգեբանութեան, աշխատանքի եւ այլնի խումբ մը մասնագէտներու հարցուցած է, թէ ի՞նչ եղած է «Քորոնա»-ի ամէնէն զարմանալի կամ ցնցող հետեւանքը իրենց ոլորտին մէջ:
———————-
Յոռետեսական անհատականութեան արժէքը կը չափուէր տասնեակ հազարաւոր կեանքերով
Սթիվըն Ռայխեր, հոգեբանութեան դասախօս
Մեծ աղէտները յաճախ մարդու վիճակին մասին մտորումներ կը յառաջացնեն: 1755 թուականի Լիզպոնի երկրաշարժը ստիպեց մարդոց` վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ, ստիպեց Վոլթերին չարամտօրէն չարախօսել Լայփնիցի գաղափարը. մենք կ՛ապրինք հնարաւոր բոլոր աշխարհներու լաւագոյնին մէջ: 1918-1919 թուականներու կրիփի համաճարակը մարդոց ստիպեց վերաիմաստաւորել, թէ ինչպէ՞ս կ՛առնչուին բնական աշխարհին` ոգեշնչելով ճարտարապետութեան նոր ոճ, արտատնային նոր կեանք եւ շարք մը շարժումներ դէպի բնութիւն: Բայց «Քորոնա»-ն…
Հիմնական խնդիրը այն է, թէ պետական գործիչները ինչպէ՞ս օգտագործած են WhatsApp-ը, եւ ո՞վ, որո՞ւ մասին ի՛նչ անպարկեշտութիւն արտասանած է: Բայց հակառակ սնաբանութեան (trivialism) վարպետութեան այս դասին, «Քորոնա»-ն խորքային բան ունէր մեզի սորվեցնելու` անհատներու եւ հասարակութեան փոխյարաբերութիւններու մասին: Շուրջ երկու դար, քանի որ քաղաքներու տպաւորիչ աճը յառաջացած էր ճարտարարուեստականացման գալուստով, արեւմտեան հասարակական միտքը տարուած էր վերահսկողութիւնը պահպանելու ջանքով: Երբ մարդիկ միասին ըլլան եւ ֆիզիքապէս բաժնուած` իրենց նախկին վարպետներէն, անոնք դեռ պիտի յարգե՞ն հին նուիրապետութիւնները, թէ՞ պիտի միանան անոնք քանդելու համար:
Այդ կ՛արտայայտուէր զանգուածներու, յատկապէս ամբոխներու հանդէպ ունեցած խորունկ վախի մէջ: Ընկերային ընտրանիները (elites) կ՛ապրէին ճչացող ամբոխներու հանդէպ յաւերժ վախի մէջ: Արդիւնքը ժողովուրդի հոգեբանութեան նկատմամբ համատարած յոռետեսութիւնն էր եւ գործակցութեան արմատական մերժումը, որ տակաւին տիրական է: Այդ կ՛արտացոլացուի այն հասկացողութեան մէջ, որ մարդու դատողութիւնը, լաւագոյն պարագային, սկիզբէն թերի է, ինչ որ կ՛ընդգծուի, երբ մենք կ՛աշխատինք խումբերով: Նման տեսակէտները ծանօթ են պետութեան մէջ, եւ անոնք ձեւաւորեցին «Քորոնա»-ին նախնական արձագանգը` աղէտալի հետեւանքներով:
———————-
Partygate-ը կատարեալ խայտառակութիւնն էր` առնչազուրկ եւ ամբարտաւան քաղաքական դասակարգի դժգոհութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու
Ռաֆայէլ Պեր, «Կարտիըն»-ի յօդուածագիր
Այն, որ կ՛ընեն քաղաքական գործիչները, ընդհանրապէս աւելի կարեւոր է, քան այն, թէ այդ ո՛ւր կ՛ընեն: Բայց համաճարակը անսովոր ուշադրութիւն դարձուց այն տարածքներուն վրայ, ուր կ՛օգտագործուի իշխանութիւնը. այն սենեակները, ուր գտնուած է անձնակազմը, քանի՞ անձ կար այնտեղ, արդեօք այն, որ անոնք կ’ընէին, կը համարուէ՞ր աշխատանք, ըստ փակման օրէնքներու: Այդ հարցումները եւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի ուղղակի պատասխաններ տալու անկարողութիւնը ի վերջոյ աւելի կարեւոր եղան քաղաքականութեան համար, քան` «Քորոնա»-ի մահացու հետեւանքները:
Պորիս Ճոնսըն տապալեցաւ ոչ թէ վարչապետարանին մէջ տրուած վատ որոշումներուն պատճառով, այլ` նոյն շէնքին մէջ անցուցած երեկոյթներուն: Երկու թերացումներն ալ Ճոնսընի անկարգ բնաւորութեան կրկնակի արտայայտութիւններն էին: Բարոյագիտական կողմնացոյց ունեցող առաջնորդը, որ ցերեկը մասնագիտական կարգապահութիւն կը ներշնչէր, իր աշխատավայրին մէջ չունէր այնպիսի մշակոյթ, որ թոյլ կու տար գիշերային ժամանցներու:
Partygate-ը պայթում մըն էր, որովհետեւ ծաղրեց միլիոնաւոր զոհաբերութիւններ օրինապաշտ քաղաքացիներուն, որոնք ընդառաջած էին իրենց սեփական կարիքները դադրեցնելու, հարսանիքներէն, տարեդարձի տօներէն, յուղարկաւորութիւններէն հրաժարելու` համաճարակին դէմ միասնաբար պայքարելու կոչին: Այդ կատարեալ խայտառակութիւն էր` զօրաշարժի ենթարկելու վրդովմունքը հեռաւոր եւ ամբարտաւան քաղաքական դասակարգին նկատմամբ, որ պարտաւորուած չէր զգար հետեւելու այն կանոններուն, որոնք կը պարտադրէին բոլորին:
Այս հազիւ թէ նոր տրամադրութիւն ըլլար: Բայց այդ սրեցաւ դաւաճանութեան զգացումներով համաճարակի սկզբնական փուլէն ետք, որ նշանաւորուեցաւ ազգային համերաշխութեան ոգիով:
———————-
Երբ չինական գործարանները փակուեցան, բացայայտուեցաւ համաշխարհային առեւտուրի փխրունութիւնը
Լալէ Խալիլի, միջազգային քաղաքականութեան դասախօս
Սուժու քաղաքը արեւելեան Չինաստանի մէջ է, ուր կը ստեղծուի համաշխարհային արհեստագիտութիւնը: Անոր գործարանները կ՛արտադրեն Foxconn եւ Samsung-ի նման ընկերութիւններու համար, կ՛աշխատին միլիոնաւոր գործաւորներով, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Չինաստանի գիւղերէն: 2020 թուականի յունուարի վերջին օրերուն Սուժուի քաղաքապետարանը, հետեւելով երկրի կառավարութեան հրամաններուն, ձեռնարկեց աննախընթաց քայլ մը` երկարաձգելով լուսնային նոր տարուան արձակուրդները, յետաձգելով աշխատաւոր գաղթականներու վերադարձը: Փոխադրամիջոցը Չինաստանէն ներս եւ դուրս դանդաղեցաւ, նոյնիսկ սողաց: Գործարանային քաղաքները փակուեցան:
Մինչ փակումներու մասին լրատուամիջոցներու լուսաբանումը կեդրոնացած էր անոնց մարդկային ազդեցութեան վրայ, համաճարակը փոխակերպեց մատակարարման շղթաները եւ հսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ համաշխարհային առեւտուրին վրայ:
Ծովուն մէջ նաւերը փաստօրէն անօգնական մնացած էին. նաւահանգիստները փակ էին, անոնց բեռները պարպելու տեղ չկար: Ծովային միջազգային պայմանագիրները կը թելադրեն, որ ծովագնացները պէտք չէ ծովուն մէջ անցընեն աւելի քան 11 ամիս շարունակ: Կը հաղորդուի, որ պայմանագիրներու աւարտէն ետք երկար ժամանակ աշխատող նաւաստիներուն թիւը հասած է 400 հազարի: Ոմանք մնացին իրենց նաւերուն վրայ աւելի քան 22 ամիս` թափառելով ծովերուն մէջ: Ցամաքին վրայ վարորդները, որոնք սնունդ եւ մթերք կը մատակարարէին, նշանակուեցան որպէս առաջին գիծի աշխատաւորներ: Հիւանդապահուհիներու եւ հանրակառքի վարորդներու հետ անոնք «Քորոնա»-ին պատճառով հիւանդացածներու ամէնէն մեծ խումբէն էին:
Ամէն ոք չէ, որ համաճարակի հետեւանքներէն, տուժած է: Բեռներ փոխադրող ընկերութիւնները վարկեր կը փնտռէին կառավարութիւններէն, նոյնիսկ` այն պարագային, երբ ապրանքներու պահանջի աճը կը նշանակէր, որ անոնց գիները բարձրացան պատմութեան մէջ առաւելագոյն մակարդակին` ապահովելով ակներեւ շահեր: Չինական առեւտուրի դանդաղելուն պատճառով այդ երկրի սահմանէն դուրս անհատական պաշտպանիչ սարքերու (PPE) արտադրութիւնը, վաճառքը եւ արտահանումը նահանջած է: Առիթը օգտագործելով, կեղծ բժիշկներ, որոնք հիանալի կապեր ունին բրիտանական կառավարութեան հետ, ստեղծեցին ընկերութիւններ` PPE տրամադրելու համար, եւ շահութաբեր պայմանագիրներով մաքրեցին յաճախ թերի կամ նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող ապրանքները:
Քանի որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ կ՛իրականացնէ Չինաստանի եւ բազմաթիւ այլ առեւտրային գործընկերներու դէմ մաքսատուրքերու տարափ, մենք կը տեսնենք առեւտուրի նոր ժամանակաշրջանը, որ «Քորոնա»-ն օգնեց արագացնելու:
———————-
Համաճարակը քողազերծեց ժխտումն ու տհաճութիւնը հաշմանդամներու նկատմամբ
Ֆրանս Ռայան, գրող, հրապարակագիր
«Քորոնա»-ի առաջին փակումէն քանի մը շաբաթ ետք ես ընտելացած էի ամբողջ շաբաթը, օրական 24 ժամ տան մէջ մնալուն: Ինչպէս` բժշկականօրէն խոցելի միլիոնաւոր այլ մարդիկ, պաշտպանական ծրագիրը կը նշանակէր, որ ես նոյնիսկ պէտք չէր երթայի խանութներ` պտուղ եւ բանջարեղէն գնելու:
Շատերու համար, անշուշտ, դժուար ժամանակ էր, բայց քանի մը բան դիւրացուց: Թատրոններու եւ զբօսավայրերու փակ ըլլալուն պատճառով ժամանցը հեռակայ կ՛ըլլար մեր սենեակներուն մէջ: Բան մը, որուն մասին հաշմանդամութիւն ունեցող բազմաթիւ մարդիկ շատոնց կ՛երազէին: Միաժամանակ հանրութիւնը կը պաշտպանուէր «Քորոնա»-էն` դիմակներէն մինչեւ բժշկական քննութիւն, որոնք մեզմէ բարձր վտանգի տակ գտնուողները պահեցին այնքան ապահով, որքան կրնայինք:
Հինգ տարի ետք ես կ՛ուզէի ըսել, որ նման յառաջընթաց կը շարունակուի, բայց կարծեմ մենք բոլորս գիտենք, որ այդ սուտ կ՛ըլլայ: Ընկերային եւ մշակութային իրադարձութիւններու հեռահաս մատչելիութիւնը հիմնականին մէջ ջնջուած է, հիմա ոչ հաշմանդամ մարդիկ անոր կարիքը այլեւս չունին:
Քանի որ «Քորոնա»-ի վերջին օրինական պաշտպանութիւնը վերցուած է 2022 թուականին, խոցելի մարդիկ մնացած են «ընտրութեան» առջեւ` անորոշ ժամանակով պաշտպանուելու կամ մեր կեանքը վտանգելու ամէն անգամ, երբ դուրս կ՛ելլենք: Հաշմանդամ բազմաթիւ ընթերցողներ ըսին, որ այլեւս չեն կրնար պարզ բաներ ընել, օրինակ` ընկերոջ հետ գաւաթ մը խմել: Երկարատեւ «Քորոնա»-ով տառապող միւսները կորսնցուցած են աշխատանքն ու յարաբերութիւնները: «Բնականոնին վերադարձը» բոլորը չէր ներառեր:
Թերեւս, բայց եւ այնպէս, իրական յառաջընթացը կու գայ ազնիւ ըլլալէ` ըսելով, որ մենք փորձած ենք հաւասարութեան եւ համերաշխութեան համար, բայց թերացած ենք:
———————-
Առցանց ուսուցումը կրթութիւնը դարձուցած է աւելի մեքենայական
Ուիլ. Տէյվիս, ընկերաբան եւ քաղաքգէտ
Ժամանակ առ ժամանակ ինծի հետ կը հաղորդակցի ուսանող մը` գտած ըլլալով 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի մասունք մը: Ընկերային հեռաւորութեան ոչ մէկ գործիք է, թէեւ համալսարաններուն մէջ տակաւին կան կերպընկալ պաստառներ, որոնք դեռ չեն վերցուած, կամ` գորգի վրայի ժապաւէնի կտորներ, որոնք ուսանողներուն կը թելադրէին չանցնիլ:
Ո՛չ, այս ուսանողները հանդիպած են իրական գանձի` դասախօսութեան տեսանիւթ մը, որ դեռ կը պահուի ամպի մէջ, բայց այլեւս մատչելի չէ: Հարցումը այս է. քանի որ անոնք չեն կրնար մասնակցիլ դասախօսութեան, կրնա՞ն անոր փոխարէն հրապարակել տեսանիւթը:
Սովորաբար կան գործնական պատճառներ, թէ` ինչո՞ւ ոչ: Դասախօսութիւնները տարուէ տարի կը փոխուին: Բայց աւելի մեծ հարցը հետեւեալն է. ի՞նչն է խնդիրը անձամբ ներկայանալու պարագային: Համալսարանները յաղթահարած են համաճարակը թուային հարթակներու եւ էտթէքի-ի շնորհիւ: Դժուարութիւնը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ճինը (genie) դարձեալ դնել շիշի մէջ եւ վերակենդանացնել այն, որ առաջին հերթին համալսարանը դարձուց արժէքաւոր համախմբումի տարածք: Դպրոցներուն մէջ աշակերտներու յաճախելիութեան մակարդակի անկումը «Քորոնա»-ի ձգած բազմաթիւ սպիներէն մէկն է:
Ժամանակ մը «Քորոնա»-ն ստեղծեց թուային վայր մը, ուր անկախ եւ յաճախ կապ չունեցող համակարգերը կը հանդիպին, կը գործեն, կամ կը հաղորդակցին իրարու հետ: Յառաջացան միլիառաւոր ընկերային յարաբերութիւններ` ուսումնական փոխանակումը վերածելով խաղի տեսակի մը, ուր կան «շարժումներ», «միաւորներ» եւ «արդիւնքներ», բայց` ոչ մէկ արդիւնաբեր երկդիմութիւն (ambiguity): Այս աղէտ էր երիտասարդներու համար, որոնք յայտնուած են ննջասենեակներու թակարդին մէջ, քանի որ անոնց ուսումը կրճատուած է մինչեւ համակարգչային մեքենական հոլովոյթներ, որոնց հակադարձելու պայքարը կը շարունակուի:
———————-
Մենք կ՛ուզենք մոռնալ, որ այդ բնաւ տեղի չէ ունեցած: Փոխարէնը` մենք պէտք է պատրաստուինք յաջորդին:
Տեւի Սրիտար, Էտինպուրկի համալսարանի համաշխարհային հանրային առողջութեան ամպիոնի վարիչ եւ «Ինչպէ՞ս չմեռնիլ» գիրքի հեղինակը:
Վերջերս ես ստիպուած էի համաճարակի մասին ուսուցանել պսակաւոր արուեստիցի ուսանողներուն եւ կը զգայի, որ սրտիս զարկերը կ՛արագանան: «Հաւաքական մոռացումը» լաւագոյն միջոցն է` նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը որոշած է մօտենալ «Քորոնա»-ին: Մենք կը գերադասենք` չյիշել հիւանդութեան մասին նախնական վախերը, ամէնօրեայ մահերու թիւը լսելու սարսափը, պատուհաններու ծիածանի նշանները եւ հասարակական փակումները:
Եթէ ողջ մնաք, դիւրին է ետ նայիլ եւ մտածել, որ այդ այնքան ալ վատ չէ: Անոնք, որոնք մահացած են, մօտ չեն իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համար, թէեւ անոնց սիրելիները հզօր միջամտութիւններ կատարած են: Գործընկերը, որ կորսնցուցած է իր 34-ամեայ զաւակը 2021 թուականին, յիշեցուց ինծի, որ այս ձայները բաւականաչափ չեն լսուիր: Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 230 հազար մարդ մահացած է հիւանդութեան պատճառով:
Ահա թէ ինչպէ՛ս ես կը պատմեմ այն, որ տեղի ունեցաւ համաճարակի ժամանակ. 2020 թուականին կառավարութիւնները, որոնք ունէին հետեւողական ուղերձ եւ համահունչ ծրագիր, օգտագործեցին հանրային առողջութեան միջոցներ, ինչպէս` զանգուածային փորձարկումները, դիմակները եւ իրազեկման արշաւները, ստիպուած չէին դիմել խիստ միջամտութիւններու կամ նոյնիսկ հասարակական փակումներու: 2020 թուականի ամրան փորձարկման տուեալները ցոյց տուին, որ մենք շուտով կ՛ունենանք պատուաստներ: Այդ պահուն իւրաքանչիւր երկիր պէտք էր փորձէր ժամանակ շահիլ նախքան պատուաստներու կիրարկումը` օգտագործելով քննութիւններ` դէպքերը բացայայտելու եւ վարակի շղթաները դադրեցնելու համար: Այդ ընելը առանց կրթութեան, հասարակութեան եւ տնտեսութեան մէջ էական խափանումներ պատճառելու` հսկայական մարտահրաւէր էր: Կարգ մը երկիրներ եւ շրջաններ յաջողեցան ճիշդ հաւասարակշռութիւն հաստատել: Միւսները չեն ըրած:
Երբ պատուաստները ժամանեցին 2020 թուականի դեկտեմբերին, նպատակը փոխուեցաւ: «Քորոնա»-ի տարածումը պարզապէս զսպելու փոխարէն` առողջապահական մարմինները սկսան փորձել հնարաւոր ձեւով արագ պատուաստել մարդիկը:
———————-
Դաւադրութեան տեսութիւնները հասարակութեան եզրերէն տեղափոխուած են ուժային կեդրոններ
Սամիրա Շաքլ, լրագրող
Յուլիս 2023-ին Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչ Ռոպըրթ Քենետի Կրտսերը տեսանիւթի մը մէջ կ՛ըսէ, որ «Քորոնա»-ն նպատակաուղղուած է յարձակելու կովկասցիներու եւ սեւամորթներու վրայ», եւ որ` Ամերիկան «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ներդրած է ցեղային թիրախ վարակներու մէջ»: Այժմ` 2025 թուականի փետրուարին, Քենետին Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարարն է: Այդ շատ աւելի լայն երեւոյթի վառ օրինակ է. համաճարակը սկսելէն ետք հինգ տարուան ընթացքին դաւադրութեան տեսութիւնները հասարակութեան եզրերէն տեղափոխուած են ուժի կեդրոններ:
Պատրաստեց՝ Նարէ Գալեմքէրեան
«Ազդակ»