Քրտական Բէշմարքայի առաջին ջոկատները սկսած են մուտք գործել Իրաքի Սինճար քաղաքի կեդրոնը: Այս մասին լուրը տրուած է «Ռօյթըրզ»ի կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ ժամ առաջ եւ Սինճար քաղաքն ու լեռնային բոլոր հատուածները ազատագրելու միտող գործողութեան մասնակցութիւն կը բերեն 7500 քիւրտ զինեալներ: Նշենք, որ Սինճարը կը համարուի Իրաքի եզիտիներու հիմնական կեդրոնատեղին: