image

«Դաշնակցութիւնը ապրեցաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի լինելութեան համար». Քերոբ Էքիզեան

«Դաշնակցութիւնը ապրեցաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի լինելութեան համար». Քերոբ Էքիզեան

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Յունաստանի ՀՅԴ օրկան «Ազատ օր»ի խմբագիր Տիար Քերոբ Էքիզեանի  խօսքը, որ արտասանուած է Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած եւ կուսակցութեան  հիմնադրման 132-րդ ամեակին նուիրուած միջոցառման ընթացքին։

Նշենք նաեւ, որ իր կեցուածքներուն մէջ կուռ, հայրենակարօտ մեծ սիրտ  ունեցող, ընկերասէր եւ գաղափարական անձնաւորութիւն Տիար Քերոբ  Էքիզեանը, ոչ միայն  կուսակցական գործիչ է, այլ համայնքային կտրուածքով սիրուած ու յարգուած բացառիկ անձնաւորութիւն մը։

Ստորեւ անոր խօսքը՝ 

Այս գիշերուան ընկերական եւ ժողովրդային համախմբումը հաւանաբար ոմանց մօտ ստեղծած ըլլայ տարակուսանքի զգացում մը, թէ «երբ Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ, երբ թշնամին ամէն օր ա՛լ աւելի ոտնակոխ կ՚ընէ մեր ինքնիշխան հայրենիքի ու Արցախի տարածքները, մենք ինչո՞ւ հոս կը գտնուինք, այս հաւաքը խրախճանք անուանելով, երբ անդին հայ ժողովուրդը կը փորձէ գոյատեւել ահաւոր վտանգներու տակ»։

Առաջին հերթին՝ արդար հարցական մըն է, որ որեւէ հայու միտքէն անցնելով «զսպումի» մը զգացումը պիտի յառաջացնէր՝ երբ սեղաններու շուրջ, երգի հնչիւնին տակ, կենացներու խանդավառութեան մէջ, պիտի նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-րդ տարեդարձը։

Սակայն, միայն այսօր չէ, որ հայ ազգը ազգային ու գոյութենական տագնապներու յորձանուտին մէջ կը գտնուի։ Հայ մարդու բովանդակ պատմութիւնը զրկանքի ու ազգային լինելութեան պայքար մըն էր, որու ամէնէն օրհասական պահուն ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր ուսերուն վրայ առնելու համար հայ ժողովուրդի ազատ եւ անկաշկանդ ապրելու՝ երբեք չմառող երազի իրականացումը։ 

Դաշնակցութեան 132-ամեայ երթի ընթացքին արդեօք ո՞ր ժամանակաշրջանն էր, որ ազգի լինելութեան պահ չըլլար։ Միթէ հայ ազատագրական պայքարի օրե՞րն էին միայն, միթէ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի տարինե՞րը միայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման մահու-կենաց մոմե՞նտը, սփիւռքացած գաղթականութեան տասնամեակնե՞րը, կա՞մ Արցախի ազատագրութեան պայքարի շղթայազերծման օրերը։ 

Մեր կուսակցութեան 132 տարիներու պատմութիւնը զրկանքի, թշուառ օրերու, այլեւ պայքարի ու վերապրումի երկար ու անվերջ ճամբայ մըն է, որուն ընթացքին, դաշնակցական մարդը ինքզինքին իրաւունք տուաւ՝ գէթ մէ՛կ օր միայն, մտածելու եւ խօսելու ի՛ր մասին, ի՛ր պատկանած կուսակցութեան մասին, երախտագիտութիւն յայտնելու իրմէ առաջ գործած, ապա անկախութեան ու ազատ ապրելու բագինին վրայ հոգի, միտք եւ կեանք նուիրաբերած դաշնակցական անթիւ հերոսներուն մասին։

Պահն է ահա՛, երբ այս գիշեր մէկտեղուած ենք այստեղ՝ Դաշնակցութեան հիմնադիրին անունը կրող այս օճախին մէջ, խօսելու մեր մասին, հարազատ ընտանիքի մը անդամներուն նման մտահոգուելու անցեալէն մինչեւ այսօր ու վաղն յատկանշող այս կուսակցութեան հայրենանուէր առաքելութեան մասին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ ապրեցաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի լինելութեան համար։ Մտածում, հոգ, ծառայութիւն, պայքար, նուիրաբերում, մարդկային ամբողջ ուժի տրամադրութիւն, արեան զոհաբերութիւն, ամէն ինչ ուղղուած է հայրենի հողին ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին։

Ուրեմն, մեր այսօրուան խօսակցութեան նիւթը պէտք է դառնայ հայրենիքը, իր ներկայով ու ապագայով, իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներով, նա մանաւանդ այն վարչախումբով, որ վերջին հինգ տարիներուն «հպարտ քաղաքացին» կը փորձէ վերածել հայրենիքի էութենէն պարպուած մարդու, ենթակայ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն կողմէ նոր ցեղասպանութիւններու եւ բնաջնջման։

Սակայն, այս երեկոյ մենք ունեցանք Հայրենիքէն ժամանած յարգելի հիւր մը, որ յարմար անձն է մեր բոլորին առջեւ բանալու հայրենի իրականութիւնը ու անոր մէջ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերն ու ներկայ պատմական պատասխանատուութիւնը։ Վստահ եմ, որ իր խօսքն ու պարունակութիւնը մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած պետական եւ քաղաքական մարտահրաւէրներուն մասին։

 

Սիրելիներ, 

Այս գաղութը, 100-ամեակի մը ընթացքին ստեղծած համայնական կեանքով, առանց որեւէ չափազանցութեան ու գովասանքի սնապարծութեան, կրնանք հաստատել, թէ իր գոյութիւնն ու յարատեւումը կը պարտի Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ անոր նուիրեալ սպասարկուներու անշահախնդիր ու հայրենանուէր ծառայութեան։

Յետադարձ անկանկ մը նետելով մեր գաղութի պատմութեան վրայ, մեր կուսակցութեան գործունէութեան հիմնական նուաճումներու հաշուետուութիւնը ընելու նախանձախնդրութեամբ, կ՚ուզեմ հպանցիկ մատնանշել կարգ մը առանցքային ապացոյցներ, որոնք կը կազմեն մեր հաւաքական կեանքի բաբախող սիրտին կենսատու երակները։

 

Կազմակերպութիւն

Դաշնակցական ծանօթ «գաղափարական կեդրոնացման, կազմակերպական ապակեդրոնացման» հրաշալի յղացումն էր, որ հայրենի հողին վրայ յեղափոխական եւ հերոսական սխրանքներու բոցավառումէն ետք, դարձաւ գաղութներու կազմակերպման եւ միաւորման կենդանի շունչը։

Փորձեցէք ուրուագծել պատկերը նախապատերազմեան շրջանի այն նուիրեալ դաշնակցականներու հոյլին, որ գաղթակայանէ գաղթակայան վազեց, կազմակերպական կառոյց հիմնեց, ժողովը, հաւաքը, օրակարգը կենդանի գործի վերածեց, երբ յառ ու նման կատարուած Մեծ Գործին «Էրկիր»-ի մէջ, յեղափոխական ուժ եւ կոռով կը պահանջուէր կազմակերպելու համար տարագրեալ եւ հայրենազուրկ զանգուածները։

Յիշեցէ՛ք բոլոր անոնց, որոնք պատերազմէն ետք երկար տասնամեակներու վրայ ղեկը առին հիւծած գաղութի մը վերակազմակերպման աշխատանքին եւ այս հայօճախը առաջնորդեցին դէպի բարգավաճ ու եռանդուն տարիներ։ 

Հպարտ զգացէք բոլորդ, դո՛ւք ներկաներ, որ այդ սերունդներու ամրապնդած կազմակերպութեան շարունակութիւնը կը կազմէք, ձեր թանկագին երդումը տուած ըլլալով այս կուսակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդը ծառայելու նպատակին համար։

 

Ակումբ

Արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ ո՞ր ժողովուրդն է այն, որ զրկուած ըլլալով իր հայրենի հողէն, կարողացաւ ակումբ եւ օճախ կերտել, անոր մէջ ապրեցնելով հայ հողին մէջէն ցայտող ուժն ու բուրմունքը, քարեղէն շէնքերը հայկականութեան յորդառատ աղբիւրներու վերածելով երիտասարդ սերունդներուն առջեւ։ 

Այսօր, աւելի քան երբեք, թիավարելով հոսանքն ի վեր, պայքարելով այլասերիչ միջավայրերուն դէմ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է ակումբը պահել որպէս մեր գոյութեան հիմնաշէնքն ու ազգային դարբնոցը։

 

Հայեցի կրթութիւն

Ո՛չ մէկ ատեն՝ ոչ երէկ, ոչ այսօր, դաշնակցական մարդը կասկածի տակ առած է մեսրոպաշունչ գիրի բոցավառումը մատղաշ հայու հոգիին մէջ։ Գաղթականութեան առաջին օրէն՝ վրաններու մէջ, յաճախ կիզիչ արեւին կամ անձրեւին տակ, մինչեւ մեր այսօրուան շքեղ, լայն ու պարծանք առթող կրթական օճախները, մենք պարտականութիւն ունինք կանգուն պահել հայ դպրութեան սիւները, հայ մանուկին ու պատանիին շրթներուն վրայ դայլայլող ձայնի վերածել մեր մայրենին, իր քաղցրահնչիւն մեղեդիով։

 

Միութենական կեանք

Գորովագութ մայր կոչեցինք Հայ Կապոյտ Խաչը, առողջ միտքի ու մարմնի դարբին անուանեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Հայ քնարի ու գիրի պահապաններու ամբողջական մարմնացումը տեսանք Համազգայինի հիմնադիրներու ու անոնց հետեւորդներու տեսիլքին մէջ։

Անոնք սոսկ միութիւններ չեն, անոնք հայրենիք յիշեցնող, Հայաստան երգող, հայութեամբ ապրող կենդանի հաւաքականութիւններ են, որոնք Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային ու գաղափարական ոգեշնչումով ակումբները եւ մեր տուները կը շարունակեն վերածել փոքրիկ Հայաստաններու։ 

 

Սիրելիներ, 

Անդրադարձ չկատարեցինք, ինչպէս աւանդաբար կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր «Մեր Օր»ուան առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան, հիմնադիր սերունդին, պատմական անցեալին, հերոսական անհամար դրուագներուն, դաշնակցական մեծերուն, հայուն անկախ պետականութիւն պարգեւելու գերագոյն հերոսապատումին։ Խօսք չըրինք մեր կուսակցութեան բարձր արժէքներուն մասին, որոնք խարիսխը կը կազմեն ժողովրդավարական կարգերով գործելու եւ ժողովուրդին համարատու ըլլալու գերագոյն պատասխանատուութեան։ Դաշնակցութիւնը, իր 132-ամեայ պատմութեան ընթացքին, յաճախ քննադատութեանց ենթակայ դարձաւ՝ մասամբ արդար, մեծամբ՝ անիրաւ ու ապակողմնորոշող։ Սակայն, վերջիններուն դիմաց, բոլոր ժամանակներու ու պատմակշիռ իրադարձութիւններու հովոլոյթին մէջ, գիտցաւ կենդանի գործով եւ շնորհիւ ժողովրդային լայն ընդունելութեան պահել իր դիմագիծը, հաւատարիմ մնալով իր քաղաքական եւ գաղափարական անշեղ ուղիին։ 

Ուրեմն, կարիքը չկայ սպասելու տարուան այդ մէ՛կ Օրուան՝ խօսելու եւ վերյիշելու մեր կուսակցութեան փառահեղ պատումները։ Իւրաքանչիւր դաշնակցական, իւրաքանչիւր բարեկամ եւ համակիր, պէտք է զանոնք ամէնօրեայ ապրումի վերածէ, որպէս ներշնչման ուժ եւ գաղափարական սնունդ հայրենիքի ծառայութեան առաքելութեան համար։

 

Սիրելի երիտասարդներ,

Վերջին խօսքը ձեզի կ՚ուղղուի։ Քաջ գիտակցեցէք, որ այս կուսակցութեան 132 տարիներու կենսունակութիւնը կը պարտինք նախ իր հիմնադիրներուն, որոնք հազիւ ձեր տարիքը ունէին երբ հիմը դրին Հ.Յ.Դաշնակցութեան, ապա այն գաղտնիքին՝ այսինքն երիտասարդական ուժին, որ հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր աւիշը կը հանդիսանայ մեր գոյութեան ու յարատեւման։ 

«Դէպի Երկիր» կը պատգամէր մեծ Ակնունին մեր երիտասարդներուն՝ անցեալ դարու սկիզբին։ Նոյն պատգամը կը շարունակէ կենդանի լոյս սփռել դաշնակցական երիտասարդ սերունդներուն, որոնք սփիւռքի մէջ ծնած՝ կարիքը ունին վերամկրտուելու հայրենի հողի ուժով։

Ձեր հայեացքը ուղղեցէ՛ք դէպի Հայաստան ու Արցախ։ 

Զգացէ՛ք մեր քաջարի զինուորներու տրոփող սիրտը սահմանին վրայ, Արցախի ձեր սերնդակիցներու ապրելու կամքով լեցուցէ՛ք ձեր ամբողջ էութիւնը, մեր գաղութի երիտասարդութեան առջեւ գաղափարական ուղի բացէ՛ք, ապրեցէ՛ք եւ ապրեցուցէ՛ք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան լուսաւոր ճամբան, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի վերակերտման ու ամբողջական վերապրումին։

Կեցցէ՛ մի՛շտ երիտասարդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։