Քիմ Քարտաշեանը արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելու համար: Հիւանդանոցի նախագահ Փոլ Վիվիանոն՝ «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր դեսպաններ»ուն հետ հանդիպման ժամանակ Քիմ Քարտաշեանին նուիրած յուշատախտակ մը: Քիմը նաեւ ճանչցուած է «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր հայ դեսպան»:
Յատուկ հիւրերու շարքին եղած է նաեւ արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանը: Քիմը իր աշխատանքը հայ համայնքին ու հիւանդանոցին կողմէ գնահատուած ըլլալուն առթիւ՝ յայտնած է իր ուրախութիւնը։ 35-ամեայ հայուհին արդէն 8 տարի է կ՝այցելէ հիւանդանոց եւ օգնութիւն կը ցուցաբերէ:
Նշենք, որ «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հայ դեսպաններու խումբը» հայերէ բաղկացած խումբ է, որ կ՝աջակցի հիւանդանոցին՝ երեխաներուն առողջ ապագայ ստեղծելու համար: