Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպան Տիկ. Ինննա Թորգոմեան Նիկոսիա ժամանած է։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի դիմատետրեան էջի հետեւեալ գրառումէն․
Տարիներէ ի վեր հետապնդուող մեր առաջարկը ուրախ ենք յայտնելու որ այսօր ալ իրականութիւն դարձած է, շնորհիւ Կիպրոսի մօտ Հ․Հ․ նորանշանակ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Տիկ. Իննա Թորգոմեանի ժամանումով։
Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան սրտանց կը շնորհաւորէ նոր Դեսպանը, լիակատար յաջողութիւն մաղթելով անոր կարեւոր առաքելութեան, խոստանալով նոյն ատեն իր ամբողջական զօրակցութիւնը Կիպրոս- Հայաստան կապերու ամրապնդման ձգտող ջանքերուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամն է, որ Կիպրոսի մէջ պիտի պաշղտօնավարէ մշտական ներկայութիւն եղող դեսպան, եւ մինչ այդ այդ պաշտօնը համատեղութեան կարգով կը վարէր Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանը։