Պոլսոյ ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանը 23 մարտին արդարացուցած է թրքական ընկերային ցանցերու մէջ յայտնի դարձած երգիչ Մուրաթ Օվիւչը:
Օվիւչն իր ինսթակրամեան սթորի բաժնին մէջ անդրադառնալով 2020թ. Քիմ Քարտաշեանի Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրապարակումներուն, վերջինիս «զզուելի հայ» անուանած էր եւ հայհոյանք հնչեցուցած անոր հասցէին։
Պոլսոյ Պէյլօղլուի թաղական խորհուրդի ատենապետ, պոլսահայ իրաւաբան Սիմոն Չեքեմն Օվիւչի դէմ հայց ներկայացուցած էր Պոլսոյ դատախազութիւն՝ Քիմ Քարտաշեանին ուղղուած հրապարակման մէջ հայերուն վիրաւորանք հնչեցնելու համար։ Դատախազութիւնը Չեքեմի բողոքի հիման վրայ հետաքննութիւն սկսած էր։
Օվիւչը խոստովանական ցուցմունքի ժամանակ իր մեղքը չէր ընդունած՝ պատճառաբանելով, որ իր խօսքերը պատասխան են Քիմ Քարտաշեանին։ Ան պնդած էր, որ իր խօսքերն ուղղուած եղած են Քիմ Քարտաշեան անունով ԱՄՆ քաղաքացիին եւ «օսմանցիներուն թշնամի հայերուն»։
23 Մարտին կայացած դատական նիստին ներկայ եղած է նաեւ Սիմոն Չեքեմը: Ան նշած է, որ Օվիւչը չէ ըսած, որ զզուելի է ինչ-որ մարդ, այլ ըսած է՝ «զզուելի են հայերը»: Չեքեմը դատարանէն պահանջած է պատասխանատուութեան ենթարկել մեղադրեալը:
Սակայն դատարանը մեղադրեալի դէմ յարուցուած գործի առնչութեամբ դիտաւորեալ յանցանք չէ նկատած եւ վճռած է արդարացնել Օվիւչը:
Յիշեցնենք, որ Օվիւչը ընկերային ցանցերուն մէջ գրած էր․ «Դուք՝ հայերդ, զզուելի էք։ Դուն ո՞վ ես, որ իմ օսմանցի մեծերուն բարբարոս անուանես»։