image

Քառօրեայ պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի բացումը Թաթուլ Կրպէյեանի անուան զբօսայգիին մէջ

Քառօրեայ պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի բացումը Թաթուլ Կրպէյեանի անուան զբօսայգիին մէջ

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ներկայ գտնուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Յուշարձանը տեղադրուած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Յուշակոթողի հեղինակն է քանդակագործ Վարդան Յարութիւնեան: Վարչապետ Աբրահամեան ծաղիկներ զետեղած է յուշակոթողին եւ արցախեան հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին: