image

Փարիզ. Քլամարի մէջ՝ Հայաստանի նուիրուած շաբաթ

Փարիզ. Քլամարի մէջ՝ Հայաստանի նուիրուած շաբաթ

Օրերս, Փարիզի հայաշատ արուարձան Քլամար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի շաբաթ» տարեկան մշակութային 10րդ փառատօնը։ Մէկ շաբթուան ընթացքին, հանրութեան հրամցուեցան հայկական հարուստ մշակոյթը ներկայացնող բազմաբնոյթ ձեռնարկներ

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

18էն 25 Մայիսին, Փարիզի հայաշատ արուարձան Քլամար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի շաբաթ» տարեկան մշակութային 10րդ փառատօնը։

Մէկ շաբթուան ընթացքին, հանրութեան հրամցուեցան հայկական հարուստ մշակոյթը ներկայացնող բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ ֆիլմերու ցուցադրութիւն։

24 Մայիսին, Քլամարի քաղաքապետարանի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հայ մշակոյթին եւ պատմութեան մասին ֆրանսերէնով լոյս տեսած հրատարակութիւններ, մանկական գրականութիւն, հայկական մանրանկարչութիւն, ժողովրդական արհեստները, հայկական գինեգործական արտադրանքը եւ խոհանոցը։

Բազմաթիւ այցելուներու յատուկ ուշադրութեան արժանացան ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու տաղաւարները, ուր պատասխանատուները լուսաբանեցին իրենց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեսիրական ծրագրերը։

Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վարդուհի Սահակեան, Քլամարի նախկին երկարամեայ քաղաքապետ, երեսփոխան Ժան-Տիտիէ Պերժէ, ներկայի քաղաքապետ Իվ Քոսքաս։ Տօնավաճառին յատկապէս հրաւիրուած էին իրաւաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան եւ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան։

Օրուան ընթացքին սփռուեցաւ Քլամարի հետ զուգորդուած Արտաշատ համայնքի ղեկավար Կառլեն Մկրտչեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը։