Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ՝ քաղաքացին կամ քաղաքացիներու ամբողջութիւնը՝ ժողովուրդը, պետութեան Աստուածն է։
Այս մասին ՀՀ վարչապետը նշած է Մարալիկի մէջ՝ Քաղաքացիի օրուան նուիրուած եւ «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը» խորագիրը կրող դասախօսութեան ժամանակ։
«Պետութեան մեր հայեցակարգով եւ ժողովրդավարութեան հայեցակարգով՝ քաղաքացին պետութեան Աստուածն է կամ աւելի ճիշդ՝ քաղաքացիներու ամբողջութիւնը՝ ժողովուրդն է պետութեան Աստուածը»,-ըսած է վարչապետ Փաշինեանը։
Վարչապետի կարծիքով՝ սա կը նշանակէ, որ ժողովուրդը կը ստեղծէ եւ ստեղծեր է պետութիւնը, հետեւաբար քաղաքացին այն մարդն է, որ պետութիւն ունենալու կամք ունի։
«Պետութիւնը մի հասկացութիւն է, որի ստեղծումը տեղի է ունենում պարբերաբար, որովհետեւ պետութեան զարգացման ամէն նոր շրջափուլի մեկնարկն, ըստ էութեան, պետութեան ստեղծում է»,-շեշտած է վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեանի բնորոշմամբ՝ ինչպէս քաղաքացին պէտք է սիրէ իր պետութիւնը, այնպէս ալ պետութիւնը պէտք է սիրէ իր քաղաքացին։ Վարչապետի խօսքով՝ պետութեան քայքայումը կը սկսի այն կէտէն, ուր վերոնշեալ բանաձեւը կը խախտուի։
«Քաղաքացին պէտք է ուժեղացնի պետութիւնը, իսկ պետութիւնը պէտք է ուժեղացնի քաղաքացուն»,-շեշտած է ՀՀ վարչապետը։
Փաշինեանի խօսքով՝ իր եւ ՀՀ կառավարութեան համոզմամբ՝ պետութիւնը պէտք է ապահովէ, որ ուսանողները, աշակերտներն ունենան մրցունակ կրթութիւն, որ հնարաւորութիւն կու տայ ունենալ բարեկեցիկ կեանք ապահովող աշխատանք։ Վարչապետի դիտարկմամբ՝ ուժեղ կրնայ ըլլալ միայն կրթուած մարդը։