«Օլիգարխութիւն»ը միայն պետութենէն չգողցաւ։ Ան գողցաւ նաեւ այն ապագան, որ կրնար կառուցուիլ։ Վախցուց եւ երկրէն հեռացուց բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզէին այդ երկիրը կառուցել։
Կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝
Ամէն հասարակութիւն տարբեր տեսակի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Տնտեսական ճգնաժամերը կարելի է յաղթահարել, քաղաքական տարակարծութիւնները՝ քննարկել, իսկ սխալները՝ սրբագրել։
Փտածութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր չարիք մըն է։ Եթէ ան զսպումի չենթարկուի, պարզապէս երկիրը չի տկարացներ, այլ աստիճանաբար կը զաւթէ զայն՝ հաստատութիւնները փոխարինելով անձնական ցանցերով, իրաւունքները՝ շնորհներով, իսկ քաղաքացիութիւնը՝ կախուածութեամբ։
Ահա այդ փտածութիւնն է, որ միշտ արհամարհած եմ եւ որուն դէմ խոր ընդվզում զգացած եմ։ Գիտեմ նաեւ, որ մինակ չեմ։
Ես չեմ խօսիր միայն սեղաններու տակ լուռ փոխանակուող ծրարներուն կամ բարեկամներու միջեւ կատարուող փոխադարձ ծառայութիւններուն մասին։ Կը խօսիմ իբրեւ համակարգ յղացուած եւ կառուցուած փտածութեան մասին։ Համակարգ մը, որ ստեղծուած է գոյատեւելու համար՝ տկարացնելով հաշուետուութիւնը, իր վերահսկողութեան ենթարկելով պետական հաստատութիւնները եւ օրէնքի գերակայութիւնը փոխարինելով հաւատարմութեան, առանձնաշնորհումի ու ազդեցութեան շրջանակներով։
Փտածութիւնը հայկական երեւոյթ մը չէ։ Ան համաշխարհային չարիք մըն է։ Ամէն տեղ, ուր հաստատութիւնները տկար են, թափանցիկութիւնը՝ բացակայ, իսկ անձնական կապերը՝ օրէնքներէն աւելի զօրաւոր, նման համակարգեր կը ծնին։
Ժամանակի ընթացքին անոնք ամբողջ միջավայրեր կը ստեղծեն, ուր հարստութիւնը, քաղաքական ազդեցութիւնն ու պաշտպանութիւնը զիրար կը սնուցանեն՝ յաճախ անցնելով ազգային սահմաններէն անդին։ Այս երեւոյթին զանազան դրսեւորումները աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ ի յայտ եկած են։
Նախկին խորհրդային տարածքին մէջ, սակայն, ան յատկապէս պարարտ հող գտաւ։
Երբ Խորհրդային համակարգը փլաւ, անոր ստեղծած մտածելակերպը, ցանցերն ու ապական գործելակերպը անոր հետ չանհետացան։ Անոնք յարմարեցան, վերակազմակերպուեցան եւ պարզապէս մէկ ձախողած համակարգը փոխարինեցին ուրիշով։
Նոր կարգը կը հիմնուէր կապերու եւ ոչ թէ արժանիքի, ազդեցութեան եւ ոչ թէ հաստատութիւններու, առանձնաշնորհումի եւ ոչ թէ հաւասար հնարաւորութիւններու վրայ։
Հանրային ունեցուածքը մասնաւոր ձեռքերու անցաւ խիստ կասկածելի, իսկ երբեմն՝ գրեթէ ծիծաղելի սեփականաշնորհման գործարքներով։ Մասնաւոր հարստութիւնները քաղաքական ազդեցութիւն գնեցին, իսկ քաղաքական ազդեցութիւնը դարձաւ միաժամանակ պաշտպանութիւն եւ անձեռնմխելիութիւն։
Ահա այս միջավայրն էր, որ ծնունդ տուաւ յետխորհրդային օլիգարխին։
Այս երեւոյթը մէկ երկրի սահմաններուն մէջ չմնաց։ Նախկին խորհրդային տարածքին մեծ մասին մէջ օլիգարխիկ համակարգերը զարգացան ոչ թէ իբրեւ իրարմէ անջատ ազգային իրականութիւններ, այլ իբրեւ փոխկապակցուած ամբողջութիւններ։
Գործարար կայսրութիւնները, քաղաքական հովանաւորչութիւնը, ուժային կառոյցներն ու սահմաններէ անդին տարածուող ֆինանսական շահերը յաճախ կը միախառնուէին՝ պետութենէ պետութիւն զիրար ամրապնդելով։
Շատ պարագաներու այս կառոյցները կը գործէին ռուսական պետութեան հզօր կեդրոններուն առնուազն լուռ հանդուրժողութեամբ, իսկ երբեմն՝ անոնց գործօն պաշտպանութեամբ։
«Օլիգարխներ» (Հայերէն՝ սակաւապետութիւն Խմբ. «Ադեւելք») պարզապէս հարուստ գործարարներ չէին։ Անոնք դարձան յետխորհրդային ազդեցութեան աւելի լայն համակարգի ոչ պաշտօնական «սիւներ»ը։
Հայաստան այն երկիրներէն մէկը դարձաւ, ուր այս բնորդը ծաղկեցաւ անցումային ծանր տարիներուն։
Մինչ սովորական քաղաքացիները կը պայքարէին պատերազմի, շրջափակման, աղքատութեան, անորոշութեան եւ արտագաղթի դէմ, համեմատաբար փոքր շրջանակ մը արտասովոր հարստութիւն եւ ազդեցութիւն կուտակեց։
Գործարաններ, հողեր, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գոյքեր եւ տնտեսութեան ամբողջ ոլորտներ աստիճանաբար մասնաւոր ձեռքերու անցան։ Իսկ տակաւին գործուն հաստատութիւններ կառուցելու համար պայքարող երիտասարդ հանրապետութիւնը ստիպուած եղաւ մրցելու անձերու հետ, որոնց ազդեցութիւնը երբեմն նոյնիսկ պետութեան ազդեցութեան կը հաւասարէր։
Ոմանք հանրային հաստատութիւններու ամբողջ պիւտճէներէն աւելի մեծ հարստութիւններ կուտակեցին։ Ուրիշներ անձնական անվտանգութեան այնպիսի կառոյցներ ստեղծեցին, որոնք աւելի հզօր էին, քան պետական պաշտօնատարները պաշտպանող ուժերը։
Անոնց անձնական ցանցերը յաճախ աւելի խոր կը հասնէին, քան նախարարներու, պետական ծառայողներու, եկեղեցական առաջնորդներու կամ ազգային այլ դէմքերու ազդեցութեան շրջանակները։
Որքան պետութիւնը կը տկարանար, այնքան անոնք կը զօրանային։
Վնասը, սակայն, շատ աւելի մեծ էր, քան անոնց կուտակած հարստութիւնները։ «Օլիգարխութիւն»ը միայն պետութենէն չգողցաւ։ Ան գողցաւ նաեւ այն ապագան, որ կրնար կառուցուիլ։ Վախցուց եւ երկրէն հեռացուց բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզէին այդ երկիրը կառուցել։
Լուրջ ներդրողները հաշուետուութենէն չեն վախնար։ Անոնք անկանխատեսելիութենէն կը վախնան։
Կը վախնան ներդրում կատարել այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր պայմանագիրները անձնական կապերէն նուազ արժէք ունին, ուր ազդեցութիւնը օրէնքէն աւելի ծանր կը կշռէ, եւ ուր յաջողութիւնը կախուած է սխալ մարդիկը գոհացնելէ։
Երկիրը յառաջ տանելու ընդունակ իւրաքանչիւր առաջարկ, ազգային ռազմավարական գոյքերը արդիականացնելու իւրաքանչիւր փորձ՝ ըլլար հեռահաղորդակցութեան, ելեկտրուժի, հանքարդիւնաբերութեան կամ այլ կենսական ոլորտի մէջ, խոցելի կը դառնար այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր հզօր շահերը կը ստուերէին արդար մրցակցութիւնը։
Կարգ մը ծրագիրներ երբեք չիրականացան։ Ուրիշներ իրականացան միայն զաւթուելու, իրենց սկզբնական նպատակէն շեղուելու եւ ի վերջոյ ծառայելու նոյն այն շահերուն, որոնք իսկական մրցակցութիւնը կը խափանէին՝ լուրջ ներդրողները ստիպելով արագ ու ակամայ նահանջել։
Հասարակութիւնը ականատես եղաւ այս փոխակերպման եւ չմոռցաւ զայն։ Որովհետեւ «օլիգարխութիւն»ը երբեք միայն դրամի մասին չէր։ Ան մտածելակերպի մասին էր։
Ան ստեղծեց մշակոյթ մը, զոր շատեր տակաւին յստակ կը յիշեն՝ յաճախ թերի կրթուած, գոռոզ եւ ինքնասիրահար նորահարուստի մշակոյթ մը, ուր հարստութիւնը լուռ կերպով չէր վայելուէր, այլ գրգռիչ ցուցադրութեամբ կը ներկայացուէր իբրեւ գերակայութեան խորհրդանիշ։
Այն տարիներուն, երբ Երեւանի մեծ մասը տակաւին գորշ, համեստ եւ դժուարութիւններու մէջ էր, ուրիշ աշխարհ մը կը ձեւաւորուէր՝ չափազանց մեծ առանձնատուներ, շռայլ ներքնայարդարումներ, նշանաւոր վաճառանիշներ, ծանր զարդեղէն, մեքենաներու շարասիւններ, պերճաշուք ինքնաշարժներ եւ թիկնապահներ։
Յաճախ աւելի շատ ճաշակազուրկ ցուցամոլութիւն կար, քան վայելչութիւն, աւելի շատ ներկայացում, քան արժանապատուութիւն։
Հարստութիւնը այլեւս պարզապէս վայլչութեան համար չէր, այլ կը ցուցադրուէր, կը գովազդուէր եւ կը պարտադրուէր։
Սակայն այդ թատրոնին ետին վատ ճաշակէն շատ աւելի վտանգաւոր բան մը կար։
Կար ահաբեկում։
Ճաշարաններու մէջ պարզ վէճերը հանրային տեսարաններու կը վերածուէին, որովհետեւ սովորական քաղաքացին գիտէր, թէ դիմացինը ո՛վ էր։ Փողոցները ճանապարհ կը բանային մեքենաներու շարասիւններուն առջեւ։ Մրցակիցները զգուշանալ սորվեցան։
Անձնական բանակներն ու պահակախումբերը յստակ տպաւորութիւն մը կը ստեղծէին՝ տարբեր մարդոց համար տարբեր կանոններ կը գործէին։
Պատգամը բացայայտ էր։ Գրեթէ խօսքի կարիք չկար։ Երկար տարիներ շատեր իսկապէս կը հաւատային, որ որոշ անձեր անձեռնմխելի դարձած էին։
Թերեւս ամէնէն խոր վրդովումը ասկէ կը ծագէր։ Ոչ միայն հարստութենէն, այլ նուաստացումէն։ Այն զգացումէն, որ առանձնաշնորհեալ շրջանակ մը ինքզինք իր շուրջ գտնուող հասարակութենէն վեր դասած էր։
Ապա եկաւ խնամքով մշակուած «բարերար»ի կերպարը։
Տարիներ շարունակ իրենց ուժը ցուցադրելէ ետք, նոյն անձերը հարստութենէն աւելի բան մը ուզեցին։ Անոնք հիացում ուզեցին։
Նուիրատուութիւնները, հանդիսութիւնները, հեռատեսիլի տեսախցիկներն ու խնամքով բեմադրուած առատաձեռնութեան գործողութիւնները դարձան նոր ներկայացումի մը բաղկացուցիչ մասը։
Նոյն դէմքերը, որոնք իրենք զիրենք գերակայութեան խորհրդանիշներով շրջապատած էին, այժմ կ՚ուզէին երեւիլ իբրեւ հասարակութեան անփոխարինելի սիւները։
Բայց հասարակութիւնը լիովին իրաւունք ունի շատ պարզ հարցում մը ուղղելու.
Բարերա՞ր՝ որո՞ւ դրամով։
Հարցը երբեք նուիրատուութիւնը չէր։ Հարցը այն համակարգն էր, որ նման հարստութիւններու կուտակումը կարելի դարձուցած էր։
Կուտակուած հարստութեան չնչին բաժին մը վերադարձնելը եւ փոխարէնը երախտագիտութիւն, հիացում ու հաւատարմութիւն ակնկալելը երբեք չէր կրնար ջնջել այն գոռոզութիւնը, ահաբեկումն ու անհաւասարութիւնը, որոնք սկիզբէն իսկ ստեղծած էին այդ հարստութիւնը։
Ասիկա «օլիգարխիկ» դարաշրջանի «կնքահօր» համախտանիշն էր։
Ճանաչումը երբեք բաւարար չէր։ Կնքահայրը հաւատարմութիւն, կախուածութիւն եւ երախտագիտութիւն կը պահանջէր։
Անոր շուրջ անխուսափելիօրէն շրջանակ մը կը կազմուէր, որովհետեւ իշխանութեան մօտիկութիւնը առանձնաշնորհումներ կը բերէր։ Նոյն այդ շրջանակը կը դառնար զինք սնուցանող համակարգին ամէնէն բարձրաձայն պաշտպանը։
Անոր «ընտանիքը» կը բարգաւաճէր, որովհետեւ ինք կը բարգաւաճէր։ Անոր պաշտպանները սկզբունքներ չէին պաշտպաներ։ Անոնք իրենց առանձնաշնորհումները կը պաշտպանէին։
Թերեւս ասիկա ամէնէն մեծ պատրանքն էր։
Հարստութեամբ, հաւատարմութեամբ ու վախով շրջապատուած՝ ոմանք ի վերջոյ սկսան հաւատալ իրենց շուրջ ստեղծուած կերպարին։
Անոնք ազդեցութիւնը յարգանքի հետ շփոթեցին, հնազանդութիւնը՝ հիացումի, իսկ ժամանակաւոր իշխանութիւնը՝ յաւերժութեան։
Անոնք՝ «Աստուած» խաղցան։
Բայց անոնք այն «աստուածներ»ն էին, որոնք երբեք չեղան։
Հանրապետութիւն մը չի կրնար հովանաւորներու շուրջ կառուցուիլ։ Չի կրնար անձերու շուրջ պտտիլ։ Չի կրնար գործել, երբ քաղաքական պաշտօնը ապաստարան կը դառնայ, կուսակցական անդամակցութիւնը՝ անձեռնմխելիութիւն, իսկ հանրային ազդեցութիւնը՝ օրինական քննութենէ պաշտպանուելու միջոց։
Ահա թէ ինչու հաշուետուութեան այսօրուան հանրային պահանջը կարելի չէ պարզապէս եւ յարմար առիթով «քաղաքական հալածանք», «վրէժխնդրութիւն» կամ «ընդդիմադիրներու դէմ յարձակում» կոչել։
Ոչ ալ պէտք է զայն ամէն անգամ սատանայացնել, երբ հասարակութիւնը օրինական հարցումներ կ՚ուղղէ անոնց, որոնք ժամանակին անձեռնմխելի կը թուէին։
Նման կարգախօսները կրնան ծառայել քաղաքական պատումի մը, բայց չեն պատասխաներ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած հարցումներուն։
Ո՞ւրկէ եկաւ հարստութիւնը։
Տուրքերը վճարուեցա՞ն։
Գոյքերը օրինական կերպո՞վ ձեռք բերուեցան։
Հանրային միջոցները պաշտպանուեցա՞ն։
Ազդեցութիւնը փոխարինե՞ց արդար մրցակցութիւնը։
Մասնաւոր շահերը զաւթեցի՞ն պետութիւնը։
Լուրջ հանրապետութիւն մը չի կրնար անտեսել այս հարցումները։ Ան պարտաւոր է հետաքննելու, պատասխաններ պահանջելու եւ վերադարձնելու այն, ինչ օրինականօրէն իր քաղաքացիներուն կը պատկանի։
Ասիկա վրէժ չէ։
Վերականգնում է։
Հանրային հարստութեան վերադարձն է հանրային շահուն, իսկ պետութեան՝ իր իրաւացի դերին։
Վերականգնումը, սակայն, միայն հետաքննութիւններ եւ դատական գործեր չի պահանջեր։ Ան կը պահանջէ դատական իշխանութիւն մը, որ ընդունակ է ազատագրուելու նոյն այն օլիգարխիկ կառոյցներէն, որոնք ժամանակին զայն իրենց ստուերին տակ պահած էին։
Ոչ մէկ արդարադատութեան համակարգ կրնայ իսկական հաշուետուութիւն ապահովել, եթէ ան կախեալ է, վախցած է կամ կապուած է նոյն այն օլիգարխիկ կառոյցներուն, որոնց վարքը պիտի քննէ։
Միայն անկախ դատական իշխանութիւն մը կրնայ տեւական վստահութիւն վերականգնել, թէ օրէնքը հաւասարապէս կը կիրարկուի թէ՛ անծանօթ քաղաքացիին եւ թէ՛ հզօր մեծահարուստին նկատմամբ։
Ահա թէ ինչու հասուն եւրոպական ժողովրդավարութիւններուն բնորոշ սկզբունքները կարեւոր են։ Ոչ թէ որովհետեւ անոնք Եւրոպային կը պատկանին, այլ որովհետեւ կը զօրացնեն թափանցիկութիւնը, հաշուետուութիւնը, անկախ արդարադատութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը։
Ամէնէն առաջ՝ անոնք կը վերահաստատեն պետութեան հեղինակութիւնը մասնաւոր ուժին նկատմամբ։
Տասնամեակներ շարունակ չափազանց շատ օլիգարխներ կը հաւատային, որ պետութիւնը իրենց պիտի յարմարեցուէր։
Կը հաւատային, որ հարստութիւնը կրնար ազդեցութիւն գնել, ազդեցութիւնը՝ պաշտպանութիւն, իսկ քաղաքական պաշտպանութիւնը՝ երաշխաւորել անձեռնմխելիութիւն։
Շատ երկար ժամանակ անոնք իրաւացի էին։
Բայց առանձնաշնորհումի, ահաբեկումի եւ անպատժելիութեան վրայ կառուցուած ոչ մէկ համակարգ յաւիտենական է։
Վերջ ի վերջոյ ան կը բախի իրենմէ աւելի զօրաւոր բանի մը՝ պետութեան մը, որ կը վերահաստատէ իր իշխանութիւնը, եւ օրէնքներու, որոնք հաւասարապէս կը գործադրուին բոլորին նկատմամբ։
Յուսանք, որ այսպիսով վերջ կը գտնէ «օլիգարխիկ դարաշրջանը։