ԱՄՆ Պըրպենքի քաղաքի (Քալիֆորնիա) քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Արցախը որպէս Անկախ հանրապետութիւն եւ միաժամանակ չեղարկած է Պըրպենք-Հադրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը, քանի որ քաղաքը անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։
Այս մասին կը յայտնէ Asbarez գործակալութիւնը՝ նշելով, որ ամերիկեան քաղաքի հայ համայնքը 2020 թուականի սեպտեմբերին վերսկսած պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ աշխատանքներ տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետական խորհուրդին եւ Պըրպենքի բնակիչներուն՝ ինքնորշման ու ազատութեան համար պայքարին Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար»,-ըսած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան։
Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆին, նահանագային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին եւ նահանգի ներկայացուցիչ այլ գործիչներու: