image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Արմէն Աշոտեանի եւրոպական Խորհուրդը կոյր եւ խուլ կառոյց է

Ըստ Արմէն Աշոտեանի եւրոպական Խորհուրդը կոյր եւ խուլ կառոյց է

Այսօր ամօթի օր է, ամօթի օր է ամէն օր, երբ մենք ունինք քաղբանտարկեալներ: Ամօթ է ողջ ժողովուրդին, որ կը հանդուրժէ իր պայծառ զաւակներու բանտարկութիւնը, այդ նոյն ժողովուրդի ապագայի, հաւատամքի եւ արժանապատւութեան համար: Այս մասին Ազգային ժողովի դիմաց, բողոքի ցոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը:

«Ամօթանք պէտք է տանք նաեւ Եւրոպական կառոյցներին, բայց եկէք անկեղծ խոստովանենք, որ ամօթի առաջին կրողը մենք ենք՝ հայ ժողովուրդը, որ դեռեւս չի յաջողել ոչ միայն փոխել այս խայտառակ իշխանութեանը, այլեւ բանտերից ազատել իր լաւագոյն զաւակներին»,-նշած է ան ՀՀԿ բողոքի ցոյցի ժամանակ: Անոնք կը պահանջեն ՀՀ քաղբանտարկեալներու եւ Պաքուի հայ գերիներու ազատ արձակումը:

Ան կոչ ըրած է ցոյցի մասնակիցներուն քաղբանտարկեալներու եւ հայ գերիներու նկարներն ուղղել դէպի բանուկ փողոցը, որ բոլորը տեսնեն եւ հասկնան՝ չեն կրնար ապահովել նկարներու մէջ պատկերուած անձանց  ազատութիւնը: Աշոտեանն այնուհետեւ առաջարկած է նկարներն ուղղել դէպի Ազգային ժողովի շէնք:

«Այս կառոյցում հիմա հիւրընկալուել է Եւրոպայի խորհրդի Մարդու իրաւունքների յանձնակատարը: 25 տարի առաջ Հայաստանն անդամակցեց Եւրոպայի խորհրդին: Այն ժամանակ մենք յոյս ունէինք, որ եւրոպական ինտեգրման ճանապարհը որքան էլ դժուար լինի անցնել՝ մեր երկրին բերելու է ազատութիւն, արժանապատւութիւն, հաւասարութիւն, բարեկեցութիւն: 25 տարի անց փաստում ենք, որ այդ ամէնը փուչիկ է, որ այդ ամբողջը կեղծ է, ցինիկութիւն է:

Եւրոպական կառոյցները՝ Եւրոպական խորհրդից մինչեւ Եւրոպական յանձնաժողով, Եւրոպական պառլամենտից մինչեւ Եւրոպական օմբուդսմեն, կոյր են, խուլ են եւ համր, երբ խօսքը գնում է ՀՀ-ում, իրենց իսկ դաւանած, քարոզած արժէքների պաշտպանութեան մասին»,-ըսած է ան: