image

Պոլսոյ «Սանասարեան խան» շէնքը 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հայկական հիմնադրամին

Պոլսոյ «Սանասարեան խան» շէնքը 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հայկական հիմնադրամին

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ Պոլսոյ մէջ գտնուող «Սանասարեան խան» անուամբ յայտնի շէնքը, որ 1930-ին բռնագրաւուած էր թրքական պետութեան կողմէ, 92 տարի անց պիտի վերադարձուի հակական «Սանասարեան»  հիմնադրամին:

Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական t24-ը:

Թրքական Sözcü թերթի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն պետութեան կողմէ գրաւուած եւ Թուրքիոյ Հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան յանձնուած շէնքին սեփականութեան իրաւունքը վերստանալու նպատակով՝ պատրիարքարանը թրքական դատարան դիմած էր 2011ին: Յուլիս 2014ին, Պոլսոյ 13րդ դատարանը որոշում տուած էր պատրիարքարանին դէմ, որմէ ետք պատրիարքարանը բողոք ներկայացուցած էր վճռաբեկ ատեանին: Շուրջ երեք ու կէս տարի տեւած դատական գործընթացին իբրեւ արդիւնք՝ 2017ին վճռուած էր շէնքին սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնել Պոլսոյ պատրիարքարանին։ Սակայն, Հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան պահանջով դատը վերաբացուած էր եւ ատեանը իր իսկ նախորդ որոշումը բեկանած էր՝ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կրկին վերադարձնելով տնօրէնութեան:

Ատեանը պնդած էր, որ խանը պատրիարքին անունով արձանագրուած սեփականութիւն է, այսինքն համայնքային հաստատութիւն չէ եւ այդ պատճառով խանին վերադարձուիլը ուզող համայնքայինները իրաւունք չունէին համայնքին անունով ետ պահանջելու յիշեալ խանը։ Այս պատճառաբանութեամբ է, որ դատարանը որոշած էր, թէ նախկին որոշումը սխալ էր ու հիմա կը սրբագրէ իր նախկին սխալ որոշումը։

Այսպիսով, Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանը բեկանած էր հայկական «Սանասարեան խան»ի սեփականութեան իրաւունքը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձնելու որոշումը, որուն հետեւանքով շէնքը պատկանած էր Թուրքիոյ Հիմնարկներու (վագըֆ) ընդհանուր տնօրէնութեան։

Այնուհետեւ «Սանսարյան» հիմնադրամը այս փաթեթը ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան եւ անհատական դիմում ներկայացուցած է։ Դիմումին մէջ նշուած է, որ հիմնադրամը ստեղծուած է հայ երեխաներու կրթութեան եւ վերապատրաստման կարիքները հոգալու համար։ Դիմումին մէջ փաստարկուած է, որ 1952 թուականին նահանգային իշխանութեան  կողմէ կատարուած գրանցումը կը համարուի ապօրինի գրանցում, քանի որ այն հիմնուած չէ եղած դատարանի որեւէ որոշման վրայ։

Սահմանադրական դատարանը միաձայն որոշում կայացուցած է, որ սեփականութեան իրաւունքի խախտման վերաբերեալ հայցը ընդունելի է, խախտուած է Սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածով երաշխաւորուած սեփականութեան իրաւունքը, եւ որոշման պատճէնը ուղարկած է Արդարադատութեան նախարարութիւն։

***

Հայ անուանի վաճառական եւ բարերար Մկրտիչ Սանասարեանը Պոսլոյ մէջ՝ Սիրքեճիի մէջ գտնուող  իջեւանատունը 1889թ. գնած էր Էրզրումի մէջ (Կարին) իր կողմէ 1881 թուականին հիմնուած Սանասարեան վարժարանի  համար եկամուտ ապահովելու համար։ Իջեւանատան գնմամբ ստեղծուած է «Սանսարեան» հիմնադրամը։

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերէն ետք Էրզրումի մէջ գործող վարժարանը փակուած է, վարժարանը փակուելէն ետք  բռնագրաւուած իջեւանատան շէնքը 1920 թուականին վերադարձուած է Հայոց պատրիարքարանին։ Այնուհետեւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1930 թուականին շէնքը վերջնականապէս բռնագրաւած է:

Այս տարիներու ընթացքին «Սանասարեան խանը» ծառայած է, որպէս ոստիկանութեան, ապա որպէս տնտեսական դատարանի շէնք: