image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ սիրուած երգչուհի՝ Սիպիլ Թեհրան պիտի այցելէ

Պոլսահայ սիրուած երգչուհի՝ Սիպիլ Թեհրան պիտի այցելէ

Պոլսահայ սիրուած մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն: 

Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ։

11 մայիսին, Սիպիլ յատուկ ծրագրի մը շրջանակով պիտի երգէ Թեհրանի մէջ։ Իսկ 13 եւ 14 մայիսին ան հանդէս պիտի գայ մենահամերգներով։ Այս բացառիկ համերգները կազմակերպուած են Հայ մարզամշակութային «Նայիրի» միութեան արուեստի բաժանմունքին եւ Հայ մարզամշակութային «Սիփան» միութեան արուեստի բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ։

Սիպիլի համերգներուն համար պատրաստուած են մասնաւոր պաստառներ եւ հիմակուընէ ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ։