image
Հրատապ լուրեր:

Ճէյ Տի Վենսը Հայաստան պիտի այցելէ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ետք․ AP

Ճէյ Տի Վենսը Հայաստան պիտի այցելէ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ետք․ AP

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ՝ 2026-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ետք։ Այս մասին գրած է Associated Press-ը։

2026-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 6 փետրուարին, Միլանի «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ։

Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավար Սիւզի Ուայլսի հաղորդմամբ՝ սա պիտի ըլլայ փոխնախագահի սակաւաթիւ միջազգային այցելութիւններէն մէկը այս տարուան ընթացքին։ Նոյեմբերին կայանալիք միջանկեալ ընտրութիւններուն ընդառաջ նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ կառավարութեան անդամները պիտի կեդրոնանան ներքին քաղաքական օրակարգի եւ երկրի մէջ կայանալիք շրջագայութիւններու վրայ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը աւելի վաղ յայտնած էր, որ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը փետրուարին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

Ան նշած է, որ փետրուարին փոխնախագահ Վենսը պիտի այցելէ երկու երկիրները՝ «խաղաղութեան ջանքերը զարգացնելու եւ Թրամփի միջազգային խաղաղութեան ու բարեկեցութեան երթուղին առաջ մղելու համար»։