Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մարտ 31-էն ապրիլ 2-ը պիտի այցելէ Չինաստան՝ աշխարհի երկու խոշորագոյն տնտեսութիւններու առաջնորդներու միջեւ երկար սպասուած հանդիպման նպատակով։
Այս մասին յայտնած է Reuters-ը:
Այս ուղեւորութեան մասին յայտարարուած է այն բանէ ետք, երբ Գերագոյն դատարանը չեղեալ համարած է Թրամփի կողմէ սահմանուած՝ ներմուծուող ապրանքներու վրայ խիստ մաքսատուրքերը։
Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ Թրամփի բանակցութիւնները հիմնական պիտի ըլլան առեւտրային «զինադադարի» երկարաձգման շուրջ: