image

Պոլիս. Նախկին HDP-ական Պատգամաւոր Մը Ձերբակալուած

Պոլիս. Նախկին HDP-ական Պատգամաւոր  Մը Ձերբակալուած

Թուրքիա-(«Հուրիէթ Տէյլի Նիուզ»-Պոլիս)- Ըստ «Հուրիէթ Տէյլի Նիուզ» ին, Ժողովրդական ընկերվարական կուսակցութեան HDP-ի նախկին պատգամաւոր Սէպահաթ Թիւնճէլ, կարճ ժամանակի մը համար ձերբակալուած էր Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանի անցագիրներու ստուգման բաժինը, նախքան իր թռիչքը դէպի Պրիւքսէլ:Թիւնճէլ, որ նաեւ մամլոյ խօսնակ է HDP-ին, օդակայանի մէջ փորձաքննուելէ ետք փոխադրուած էր Պաքրքէօյի դատախազութեան գրասենեակ:Թուիթըրի իր հաշուին վրայ յայտարարելով իր կալանաւորումը, Թիւնճէլ ըսած է, թէ երկիրը ձգելուն արգելքը կը վերագրուի իր ելոյթներուն, որոնցմով հանդէս եկած է 2010-էն 2013 թուականներուն:Թիւնճէլ  վկայութիւն տալէ ետք   ազատ արձակուած է, մինչ երկիրէն դուրս գալու անոր  դէմ  եղած  արգելքը  տակաւին  ի  զօրու է: