Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, իրանեան պատկերասփիւռ մը ակնյայտ թշնամական կեցուածք արտայայտած է Ազերի համայնքին դէմ: Հարցը իր արձագանքները գտած է Թուրքիոյ մէջ եւ մէկէ աւելի թուրք պատասխանատուներ քննադատած են իրանեան պատկերասփիւռին մօտեցումը: Ուրբաթ օր, խումբ մը ցուցարարներ բողոքած ե Պոլսոյ Իրանեան հիւպատոսարանին դիմաց եւ քանի մը հասարարկական կազմակերպութիւններ յայտարարած, թէ այլ ցոյցեր ծրագրուած են Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն: Ցուցարարները պսակ մը եւ զուգարանի խոզանակ մը ձգած են հիւպատոսարանի դարպասներուն առջեւ, որպէս յղում միաձուլման, որ Իրանեան հեռատեսիլը կատարած էր:Ցուցարարներուն խօսելով Մուսթաֆա Օղուզ Եաւաշքան ըսաւ, որ տագնապալի է, որ «Երկու համայնքներներէն մին, որոնք դարերով նոյն երկրի մէջ են եւ նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն կը վիրաւորէ միւսը»:Ըստ դիտորդներու , Իրանի մէջ Ազերի թուրքերը քիչ միջոցներ ունին իրենց իրաւունքներու պահանջներուն մասին արտայայտուելու:: Հակառակ որ, Ազերի թուրքերը պատկառելի նեկայութիւն են Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ ազերիներու լեզուն պաշտօնապէս չէ ընդունուած: