Լիբանանի իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած իրանեան Mahan Air ընկերութեան օդանաւին վայրէջք կատարել Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, որմէ ետք քաղաքին մէջ զանգուածային անկարգութիւններ սկսած են:
Շիա աքթիւիսթները, որոնք վրդոված էին Թեհրանէն ուխտաւորներ տեղափոխող իրանեան օդանաւի հետ կապուած իրավիճակէն, հրկիզած են անիւեր եւ աղբամաններ՝ արգելափակելով դէպի օդակայան մայրուղիի երթեւեկութիւնը։ Ցուցարարներու մէկ այլ խումբ հաւաքուած էր օդակայանի շէնքի մօտ հանրահաւաքի, սակայն լիբանանցի զինուորականները փակած են անոնց ճանապարհը։
Շիական «Հըզպալլա» շարժման խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Իպրահիմ Մուսաուին յայտարարած է, որ իրանեան Mahan Air ընկերութեան օդանաւի վայրէջքէն հրաժարելու Լիբանանի իշխանութիւններու որոշումը կայացուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ճնշման ներքոյ։ Ան ելոյթ ունեցած է օդակայանի շէնքի մուտքի մօտ հաւաքուած աքթիւիսթներու հանրահաւաքին։
«Իսրայէլեան թշնամին, Միացեալ Նահանգներու հետ դաւադրութեան մէջ ըլլալով, կը շարունակէ զանազան խառնակութիւնները Լիբանանի դէմ, որ, ի թիւս այլ բաներու, արտացոլուած է Ռաֆիք Հարիրիի անուան միջազգային օդակայանի աշխատանքին մէջ: Այս գործողութիւններն արժանի են խստագոյնս դատապարտման, եւ մենք կոչ կ՚ընենք կառավարութեան ճանչնալու իր պատասխանատւութիւնը՝ երաշխաւորելու, որ Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը եւ բոլոր հասարակական կառոյցները պաշտպանուած ըլլան Իսրայէլի ոտնձգութիւններէն», - նշած է պատգամաւորը:
Մուսաուին հասկցուցած է, որ «Հըզպալլհ»-ն կ՚ակնկալէ, որ իշխանութիւններն անհրաժեշտ միջոցներ կը ձեռնարկեն՝ ապահովելու լիբանանցի քաղաքացիներու անյապաղ վերադարձն իրենց հայրենիք:
«Դուք ոչ մէկ պարագայի պէտք է ենթարկուիք իսրայէլեան սպառնալիքներուն»,- ընդգծած է ան։
Չորեքշաբթի իսրայէլեան բանակի խօսնակ Ավիչայ Էտրին նախազգուշացուցած էր Լիբանանը, որ իրանեան օդանաւերը, որոնք կանոնաւոր եւ չարթերային թռիչքներ կ՚իրականացնեն դէպի Պէյրութ, իբր միջոցներ կը մատակարարեն «Հըզպալլա»-ին, որոնք կ՚օգտագործուին վերջինիս վերազինման համար: Ան պնդած էր, որ այդ հրադադարի երկկողմ համաձայնագրի խախտում է։ Լիբանանի փոխադրութեան նախարարութիւնը հերքած է այս տեղեկութիւնը։