image

Պիքֆայաի «Ապրիլեան Եղեռն»ի Յուշարձանը Իր Նախկին Տեսքին Պիտի Բերուի (Լուսանկար)

Պիքֆայաի «Ապրիլեան Եղեռն»ի  Յուշարձանը Իր Նախկին Տեսքին Պիտի Բերուի (Լուսանկար)

 Լիբանան- «Արեւելք»ի ունեցած  տեղեկութիւններով  Պիքֆայայի  յուշարձանը  իր նախկին տեսքին  պիտի բերուի: Այս մասին տեղեկութիւնը կարելի եղաւ ճշդել յուշարձանի  հեղինակ     պէյրութահայ    յայտնի քանդակագործ  Զաւէն Խտըշեանի    մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը:  Աղբիւրը, որ  խնդրեց  իր անունը  չտալ յայտնեց, որ      վերջին օրերուն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսը ընդունած է  Զաւէն Խտըշեանը   եւ    հանդիպման ընթացքին   խօսուած է Պիքֆայաի յուշարձանի   վերանորոգման մասին:  Հանդիպման աւարտին Խըտշեան     Վեհափառ հօրմէն       հաւաստիացումներ ստացած է, որ յուշարձանը իր նախկին տեսքին պիտի բերուի եւ անոր  վրայ  կատարուած   փոփոխութիւնը պիտի վերացուի:Նշենք, որ  դպրեվանքին շուրջ  տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ընթացքին ճարտարպետները     Պրոնզեայ     յուշարձանին վրայէն հանած էին    բաթէն  անունով յայտնի  նիւթը բան մը, որ  մեծ վրդովմունք յառաջացուցած էր         յուշարձանի հեղինակ Զաւէն Խըտշեանին մօտ: Խնդիրը հրապարկայնացած էր  երբ  Խտըշեան    Պէյրութ հրապարակուող «Զարթօնք»  օրաթերթին մէջ կարճ   խօսք մը գրած  էր  պատկան մարմիններէն  խնդրելով  յուշարձանը վերադարձնել իր նախկին տեսքին:  Մեր աղբիւրներէն  նաեւ  կը յայտնեն, որ   յուշարձանը իր նախկին   տեսքին բերելու աշխատանքները պիտի կատարուին    ձմեռնամուտէն  առաջ: