image

Պիլ Կէյթց «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ ստացաւ

Պիլ Կէյթց «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ ստացաւ

Ամերիկացի միլիառատէր Պիլ Կէյթց իր թուիթըրեան էջին մէջ գրառմամբ տեղեկացուցած է, որ պատուաստ ստացածէ «Քորոնա» ժահրի դէմ։

«65 տարեկան ըլլալու առաւելութիւններէն մէկն այն է, որ իրաւասու եմ պատուաստուիլ COVID-19-ի դէմ: Այս շաբաթ ստացեր եմ իմ առաջին չափաբաժինը, եւ գերազանց կը զգամ»,- գրած է Microsoft ընկերութեան հիմնադիրը։

Կէյթց նաեւ շնորհակալութիւն յատնած է բոլոր գիտնականներուն, փորձարկման մասնակիցներուն եւ բժշկական աշխատողներուն, «որոնք մարդկութեան հասցուցած են այս պահին»։