Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան օրերս եղբայրական այցելութիւն մը տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան՝ Անթիլիասի մայրավանք։
Ատոր մասին «Արեւելք» նկը կարդայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը
Այս առաւօտ՝ Շաբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2025-ին, հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Պատրիարքարանի հաղորդամիջոցներու պատասխանատու եւ Ժողովրդապետ Այնճարի Հ. Մեսրոպ Ծ. Վ. Թօփալեան, Պատրիարքի քարտուղար Հ. Նարեկ Ծ. Վ. Մնոյեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական յարաբերութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հայ կաթոլիկ Պատրիարքարանին միջեւ շարունակուող գործակցութեան առնչուած հարցերու։ Երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին մեր պատմութեան ճգնաժամային ներկայ օրերուն մեր ազգին միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը։
Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Վեհափառ Հայրապետն ու Հոգեւոր Տէրը սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։

