image

Փութինի լուսանկարները Դամասկոսի մէջ Ասատի նկարներէն աւելի տարածուած են

Փութինի լուսանկարները Դամասկոսի մէջ Ասատի նկարներէն աւելի տարածուած են

Ռուսիոյ նախագահ Փութինի միլիոնաւոր նկարներ Դամասկոսի ժողովուրդի կողմէն տպագրուած եւ փակցուած է պատերուն վրայ, քաղաքի բոլոր կողմերը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ վերջին երկու օրերուն ամբողջ գիշերը Փութինի նկարները  տեղադրած են:

 

Երիտասարդական խումբերը երգի, արաբական պարի (Տապքէ) շրջանակներ ալ կազմած են, իրենց ուրախութիւնը արտայայտելով ռուսական հրթիռներու յատուկ համակարգի՝  «S – 600»-ի Սուրիա հասնելու լուրին վերաբերեալ:

 

Նշենք, որ «S–600»ը առաջին անգամ ըլլալով Ռուսաստանէն դէպի արտերկիր դուրս կու գայ եւ միայն դէպի Սուրիա, մասնաւորապէս՝ Դամասկոս: