image

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հակադարձէ. Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հակադարձէ. Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ իբր 18 օգոստոսին՝ ժամը 23։50-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածը տեղակայուած ասրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած էր հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեքենականութիւն ստեղծել: