image

Փութին Թուրքիա պիտի այցելէ

Փութին Թուրքիա պիտի այցելէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը օգոստոսին պիտի այցելէ իր երկիր: Էրտողանի խօսքը մէջբերած է CNN Turk-ը։

«Առաջիկայ ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ պարոն Փութինի այցը Թուրքիա, մենք կրկին պիտի կարենանք քննարկել ռազմագերիներու դէմ առ դէմ փոխանակման թեման», -ըսած է Էրտողանը ուքրանացի գործընկեր Վլատիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած ասուլիսին:

Էրտողան աւելցուցած է, որ անոնք մտադիր են քննարկել նաեւ հացահատիկի գործարքի երկարաձգման հարցը:

Աւելի ուշ ան նշած էր, որ Փութինի հետ անձնական հանդիպումը կրնայ կայանալ «առաջիկայ երկու ամիսներուն»: