image

Թուրքիոյ փոխնախագահ՝ Ճեւտէթ Եըլմազ պիտի այցելէ Հայաստան

Թուրքիոյ փոխնախագահ՝ Ճեւտէթ Եըլմազ պիտի այցելէ Հայաստան

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազը պիտի այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին։

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։

«Եըլմազը պիտի ներկայացնէ Թուրքիան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ մայիս 4-ին Երեւանի մէջ, «Կառուցելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայի մէջ» թեմայով»,– նշուած է գործակալութեան հրապարակման մէջ։

Ընդգծուած է, որ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի այցը Երեւան պիտի ըլլայ Հայաստան կատարած առաջին նմանատիպ այցը։