image
Հրատապ լուրեր:

Փրիկոժին տեսնուած է Մինսքի մէջ

Փրիկոժին տեսնուած է  Մինսքի մէջ

«Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան ղեկավար Եւկենի Փրիկոժինը նկատած են Պելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի Green City հիւրանոցին մէջ։ Այս մասին յայտնած է BRIEF թելեկրամեան ալիքը։

Ռուսական RTVI հեռուստաալիքի աշխատակիցը կապ հաստատած է հիւրանոցի հետ։ Հիւրանոցէն, սակայն, չեն հաստատած այս փաստը՝ վկայակոչելով յաճախորդներու տեղեկատւութեան գաղտնիութիւնը։

26 յունիսի առաւօտեան Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի մամուլի ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Փրիկոժինի՝ Պելառուսիա ժամանելու մասին տեղեկութիւն չկայ։