image
Հրատապ լուրեր:

Անգարայի իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող Պոլսահայ գործիչը Երեւան տեսնուած է

Անգարայի իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող Պոլսահայ գործիչը Երեւան տեսնուած է

Mediaport թելեկրամեան ալիքը կը յայտնէ, որ թրքամէտ լոպպիստ Սամսոն Օզարարատը Երեւան է: Mediaport-ի տեսախցիկը նկարած է Օզարարատի հանդիպումը «Իմ քայլ»ի պատգամաւոր Յովհաննէս Իգիթեանի հետ՝ Երեւանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ:

Օզարարատը Թուրքիոյ իշխանութիւններու մերձաւոր շրջանակէն է դեռ, 1990-ականներէն կ'աշխատի հայ-թրքական «մերձեցման» համար: Ան 90-ականներուն կազմակերպած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը թրքական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան հիմնադիրի հետ:

Թելեկրամեան ալիքը նշած է՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ Նիկոլ Փաշինեանին սատարող վերջին յայտարարութիւնները, կարելի է եզրակացնել, որ անոնք կ'ուղղորդուին նաեւ Փաշինեան-Էրտողան յարաբերութիւններու ջերմացման զուգահեռ, ուր առանցքային դերակատարում ունի Օզարարատը: