Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող լարուածութեան եւ պատերազմական զարգացումներուն լոյսին տակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի շրջանի հայկական համայնքներու կացութեան։ Վեհափառը ամբողջ օրուան ընթացքին կապ հաստատած է տարբեր երկիրներու եկեղեցական եւ համայնքային պատասխանատուներուն հետ՝ տեղեկութիւններ ստանալու եւ գնահատելու հայ համայնքներու ներկայ իրավիճակը։
Այդ մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուրերը տարածող հարթակ՝ «Կիլիկիա»էն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Այսօր ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կրցաւ կապ հաստատել շրջանի մեր եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Անոնցմէ ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, շրջանը հետեւեալ ընդհանուր կացութիւնը կը պարզէ.-
- Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կը շարունակէ տիրել ընդհանուր անապահովութիւն ու անորոշութիւն: Բնականաբար, յիշեալ երկիրներու ընկերատնտեսական վիճակը նահանջի մէջ է: Հայ համայնքները մարդկային ու նիւթական վնասներու ենթարկուած չեն:
- Իրանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգալից: Ռմբակոծումները դադար չունին: Այսօր, հայկական թաղամասի մը մէջ հրթիռ ինկած է՝ պատճառելով միայն նիւթական վնասներ:
- Լիբանանի մէջ եւս ռմբակոծումները կը շարունակուին, յատկապէս հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ: Այսօր, Պէյրութի յիշեալ շրջաններէն դուրս եւս թիրախաւորուած ռմբակոծումներ տեղի ունեցան: Հայ համայնքը անմիջականօրէն ենթակայ չէ շարունակուող ռմբակոծումներուն:
Կ՚աղօթենք, որ պատերազմը շուտով վերջ գտնէ եւ խաղաղութիւնը հաստատուի Միջին Արեւելքի մէջ: