Ժամը 9-ի դրութեամբ, Տնտեսութեան նախարարութեան յարող մայթէն, առանց պատշաճ հիմնաւորման բերման ենթարկուած է խաղաղ ցոյցի տասնեակ մասնակիցներ, այդ շարքին ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ ատենապետ Տարօն Ղազարեանը եւ Հայկ Մանուկեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը:
«Ցաւօք, ի վնաս պետականութեանը, ՀՀ Ոստիկանութիւնը շարունակում է ծառայել, որպէս գործող իշխանութիւնների ձեռքի խաղալիք եւ նրանց յանցաւոր գործունէութեան երաշխաւոր»,- ըսուած է Միութեան յայտարարութեան մէջ։