«Մենք այս հրապարակը չենք լքելու այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ գերագոյն գլխաւոր խրտվիլակը նստած է այն շէնքում»,- յայտարարած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը:
Այսօր ամբողջ հանրապետութիւնով մէկ պիտի շարունակուին անհնազանդութեան արշաւները, գործադուլն ու դասադուլը։ Ժամը 16։00-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք։
Իշխան Սաղաթէլեանը նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու իշխող «Իմ քայլը» պէտք է հասկնան, որ իրենց պահանջները անպատասխան մնացած են, հետեւաբար ամբողջ պատասխանատւութիւնը անոնց վրայ է։
«Վաղը ժամը 16։00-ին կը հաւաքուենք այստեղ ու միասին կը դիմենք աւելի կտրուկ ու վճռական գործողութիւնների»,- նշած է ան։
Իշխան Սաղաթէլեանն առաջարկած է Կառավարութեան շէնքի շուրջբոլորը երթ կատարել ու կրկին հաւաքուիլ բեմահարթակի մօտ։