image

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով այսօր եւս բողոքի գործողութիւնները պիտի շարունակուին

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով այսօր եւս բողոքի գործողութիւնները պիտի շարունակուին

 

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Հանրապետութեան հրապարակի մէջ երէկ ժամը 12։00-էն մեկնարկած հաւաքը աւարտած է, բայց հաւաքի մասնակիցներու մէկ մասը գիշերած է հրապարակի մէջ։

 

«Մենք այս հրապարակը չենք լքելու այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ գերագոյն գլխաւոր խրտվիլակը նստած է այն շէնքում»,- յայտարարած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»  համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը:

Այսօր ամբողջ հանրապետութիւնով մէկ պիտի շարունակուին անհնազանդութեան արշաւները, գործադուլն ու դասադուլը։ Ժամը 16։00-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք։

Իշխան Սաղաթէլեանը նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու իշխող «Իմ քայլը» պէտք է հասկնան, որ իրենց պահանջները անպատասխան մնացած են, հետեւաբար ամբողջ պատասխանատւութիւնը անոնց վրայ է։

«Վաղը ժամը 16։00-ին կը հաւաքուենք այստեղ ու միասին կը դիմենք աւելի կտրուկ ու վճռական գործողութիւնների»,- նշած է ան։

Իշխան Սաղաթէլեանն առաջարկած է Կառավարութեան շէնքի շուրջբոլորը երթ կատարել ու կրկին հաւաքուիլ բեմահարթակի մօտ։