image

Փաշինեանի համար «նոր» Հայաստանի տեսլականը կեանքի կոչելը մարտահրաւէր պիտի ըլլայ. European Policy Centre

Փաշինեանի համար «նոր» Հայաստանի տեսլականը կեանքի կոչելը մարտահրաւէր պիտի ըլլայ. European Policy Centre

Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի վերլուծաբաններ Ամանտա Փոլն ու Տենիս Սամութը անդրադարձած են 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ Քայլը» դաշինքի համոզիչ յաղթանակին:

Հեղինակներու կարծիքով՝ ընտրողներու մասնակցութեան ցած յայտը (48.63%) կը վկայէ առ այն, որ ժողովուրդի շրջանին հիասթափութեան մակարդակը բարձր է:

«Փաշինեանի համար «նոր» Հայաստանի տեսլականը կեանքի կոչելը մարտահրաւէր պիտի ըլլայ: Այժմ, երբ Փաշինեանը ունի խորհրդարանական մեծամասնութիւն, պէտք է գործի անցնի երեք կարեւորագոյն ոլորտներու մէջ՝ ներքին բարեփոխումներ, արտաքին քաղաքականութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղ»,-գրած են հեղինակները՝ նկատելով, որ հայ հասարակութիւնը իրական փոփոխութեան ակնկալիք ունի:

Վերլուծաբանները նշած են, որ Փաշինեանի նոր կառավարութիւնը իրական հակակաշառակերային մարտավարութեան կարիք ունի: Միայն այդ պարագային հնարաւոր կ'ըլլայ խթանել տնտեսութեան զարգացումը, նուազեցնել աղքատութեան մակարդակը, բարելաւել կեանքի որակը:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, ապա ըստ վերլուծութեան՝ ռազմական եւ պաշտպանական հարցերուն մէջ Հայաստանի գլխաւոր գործընկեր Ռուսաստանը խոր կասկածանքով կը վերաբերի Փաշինեանին:

«Փութինի վստահութիւնը շահելու անոր յոյսը՝ մեղմ ըսած միամիտ է: Փաշինեանի առաջնորդած փողոցային յեղափոխութիւնը նոր շունչ տուաւ այն հեռանկարին, որ նախկին խորհրդային պետութիւններուն մէջ ալ կրնան նման զարգացումներ տեղի ունենալ:Եւ թէեւ Քրեմլինը կ'ուզէ ցոյց տալ, որ այդ իրեն չի մտահոգեր, սակայն այդպէս չէ: Մինչդեռ Արեւմուտքը դեռ կը փորձէ հասկնալ՝ ով է Փաշինեանը, ուրկէ եկած է եւ ուր կ'երթայ: ԵՄ եւ արեւմտեան շրջանակները լաւ տրամադրուած են Փաշինեանի նկատմամբ, բայց անոր դեռ հարկաւոր է համակրանքը վերածել շօշափելի աջակցութեան: Մտահոգութիւն կայ, որ  Փաշինեանը բաւականաչափ համբերութիւն չունենար ժամանակի ընթացքին ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները աւելի յստակ ուրուագծելու, խորացնելու համար: Հայաստանի կառավարութեան համար առաջնային կարեւորագոյն նպատակը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի, մասնաւորապէս՝ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու ճիշդ հաւասարակշռումը»,-նշած են վերլուծաբանները:

Անդրադարձի աւարտին խօսուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Հեղինակները նշած են, որ թէեւ վերջին ամիսներուն ԼՂ շփման գիծին վրայ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, սակայն ռիսքերը կը շարունակեն մեծ ըլլալ:

«Փաշինեանի ընդդիմախօս ուժերուն համար ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կ'ընկալուի որպէս վարչապետի «աքիլլէսեան գարշապար»: Այժմ Փաշինեանի ընտրած մարտավարութիւնը, որ հիմնուած է թափանցիկութեան, ներառուածութեան եւ գործնականութեան վրայ, պէտք է քննութենէ անցնի: Միեւնոյն ժամանակ կարելի չէ անտեսել Հանրապետական կուսակցութեան նախազգուշացումները առ այն, որ լայնամաշտապ պատերազմի վտանգ կայ: Որպէս Ատրպէյճանի հետ տասը տարի բանակցած կողմ՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը գիտակցի այն ռիսքը, որ եթէ Ալիեւ-Փաշինեան «մեղրամիսը» բանակցային գործընթացին մէջ չյանգեցնէ շօշափելի առաջընթացի, հիասթափուած Ատրպէյճանը կրնայ խնդրի լուծման այլ տարբերակներ որոնել:Ամէն պարագայի Փաշինեանի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները ահռելի են՝ նկատի առնելով հասարակութեան մեծ սպասումները»,-եզրափակած են վերլուծաբանները: