image

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նոր դեսպանին միջեւ վստահութիւն պիտի չըլլայ. Զատուլին

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նոր դեսպանին միջեւ վստահութիւն պիտի չըլլայ. Զատուլին

Ռուսիոյ Դաշնութեան մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գուրգէն Արսէնեան ոգիով ու մտածելակերպով աւելի մօտ է Փաշինեանին, քան հեռացող Վաղարշակ Յարութիւնեանը: Այս մասին ըսած  է Տումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին:

Անոր կարծիքով՝ Յարութիւնեանը Փաշինեանի խումբին ներառած էին բացառապէս Ռուսիոյ բարեկամի համբաւի համար, որ Մոսկուայի մէջ անոր ներկայութեամբ «քօղարկեն» Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան փոփուխութիւնը:

«Այժմ ես որեւէ պատճառ չեմ տեսներ Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ Փաշինեանի դաշնակից հանդիսացող նոր դեսպանի միջեւ որեւէ վստահութիւն ի յայտ գալու։ Ձեւական քաղաքավարութիւն, ի հարկէ, կը պահպանուի, բայց ոչ աւելին»,- վստահ է Զատուլին։

Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեան 14 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրով նշանակուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: