Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դստեր՝ Շուշան Փաշինեանի հետ այցելած է Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Սեւ Քար եւ Իջեւան համայնքներ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն:
Կառավարութեան ղեկավարը յարգանքի տուրք մատուցած է արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, ծունկի իջած եւ ծաղիկներ խոնարհած է անոնց շիրիմներուն։