image

Փարիզի մէջ. Նոր կառուցուող հրապարակ մը պիտի կրէ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի անունը

Փարիզի մէջ. Նոր կառուցուող հրապարակ մը պիտի կրէ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի անունը

Փարիզեան շրջանի Մոնթրէօյ քաղաքին մէջ այժմ կառուցուող հրապարակը, որ կը գտնուի Պուասիէռ-Աքասիա շրջանի եզերքին, Սիմոն-Սինիորէ եւ Փիէր-Տըժեթեռ փողոցներու խաչմերուկին վրայ, պիտի կրէ Պուասիէռի ամէնէն նշանաւոր լուսանկարիչին՝ Ռոժէ Գասպարեանի անունը։

Այս որոշումը կայացուցած էր քաղաքային խորհուրդը 2024 Սեպտեմբեր 25-ի նիստին։

2024-ի Փետրուարին մահացած Ռոժէ Գասպարեան հռչակ ձեռք բերած է 1960-ական թուականներուն՝ լուսանկարելով երաժշտութեան, շարժանկարի աստղերը եւ ճազի մեծագոյն երաժիշտները։ Ան նաեւ եղած է բնակիչներու առօրեայ կեանքի լուսանկարիչը (հարսնիքներու, անձնագրի նկարներու եւ այլն) Պուասիէռ արուեստանոցին մէջ, զոր իր դուստրը՝ Մաշան, վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի։

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն