Ֆրանսա- («Էլ Նաշրա»- Պէյրութ) Փարիզը անդամալուծած ահաբեկչութեան գլխաւոր հեղինակը կը կոչուի Ապտիւլ Համիտ Ապալհուտ: Այս մասին լուրը տրուած է «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը: Աղբիւրը, որ ֆրնասական լրատուամիջոցներէ քաղած է իր լուրը նաեւ կը հաղորդէ, որ մեղադրեալ Ապալհուտ Պէլճիքա ծնած եւ նոյն երկրի քաղաքացիութիւնը ունեցող ահաբեկիչ մըն է: Փարիզի ոստիկանութիւնը իր կարգին Twitter-եան իր հաշիւով հրապարակած է Ապալհուտի պատկերը: