Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22-ին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ, նախաձեռնութեամբ Համազգային—Փարիզի, տեղի ունեցաւ « Roupen Sévag, le poète assassiné » նորատիպ գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը եղեռնին մէջ» վէպին՝ Մխիթարեանի նախկին սանուց կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնն է։ Հաւաքական աշխատանք մը՝ խումբ մը գրասէրներու։
Երեկոյթին բացումը կատարեց հրատարակիչը՝ Շանթ Մերճանեան։ Ան շեշտեց գործին գրական եւ պատմական արժէքը, նշեց նահատակ բանաստեղծին արժանիքներն ու տիպարը։
Ապա, խօսքը տուաւ Ռոզիկ Թաշճեան—Ադամեանին, որ յղացած էր թարգմանութեան գաղափարը եւ ղեկավարած այդ աշխատանքը:
Փաթրիք—Մասիս Արզումանեան հատուածներ ընթերցեց գիրքէն։
Տրուած բացատրութիւններուն մեծ հետաքրութեամբ հետեւող ներկաները այնուհետեւ ձեռնարկը գունաւորեցին իրենց հարցումներով:
Երեկոյթը վերջ գտաւ գիրքի մակագրութեամբ. սպառեցան 50 օրինակներ։