Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հինգբաթի օր, Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ Մակար Արք. Աշգարեանի «Դաւիթ Մարգարէին Սաղմոսները. 19-34 - Բացատրողական Փորձ Մը» գիրքին Բ. հատորը։
Գիրքը կը հրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ՝ Տերիքի (Մալգիէի) Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին։
Սրբազան հայրը գիրքը կը ձօնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի 85-Ամեակին։ Իր խօսքով.
«Այն արգանդին, որ մեզ ծնաւ ու կը ծնի,
Այն մօր գրկին, որ մեզ խնամքով կը գրկէ ու կը գգուէ,
Այն սեղանին, որ մեզ կը կերակրէ ու կը լիացնէ,
Այն խորանին, որ աստուածահաղորդ մեզ կը դարձնէ,
Այն զոհասեղանին, որ մեր մեղքերը կը սրբէ ու կը մաքրէ,
Այն բնակարանին, որ հրեշտակներու ընկերակից մեզ կ'ընէ,
Այն հաւաքատեղիին, որ մեզ կը ժողվէ ու կը միաւորէ,
Այն վկայատեղիին, որ մեզ աստուածատեսութեան կը կոչէ,
Այն սրբատեղիին, որ շնորհընկալութեան մեզ կ'արժանացնէ, Այն շէնքին, որ նիւթէն անդին՝ մեր հոգին կը կազմաւորէ,
Այն կառույցին, որ երկնաքաղաքացիներս կը պատրաստէ, Այն սիրոյ վայրին, որ սէրն արտացոլացնելու մեզ կը կը հրաւիրէ, Այն լեռան, որ կենսապարգեւ Լոյսը կը ճառագայթէ,
Այն բերդին, որ մեզ կը հիւրընկալէ ու կը պաշտպանէ,
Այն ամրոցին, որ հաւատքով մեզ կ'ամրապնդէ...»:
Գիրքը կը բացուի «Երկու Խօսքով», ուր Մակար սրբազան դիտել կու տայ, որ մարդկային կեանքը շրջապատուած է բազմաթիւ դժուարութիւններով, տագնապներով եւ ծանր փորձութիւններով, իսկ մենք՝ մարդիկս, անկարող ըլլալով այդ բոլորին դէմ պայքարելու եւ մեր սեփական կարողութեամբ շրջանցելու զանոնք, անմիջական կարիքը ունինք աստուածային օգնութեան, զօրութեան, առաջնորդութեան, քաջալերանքին եւ մխիթարութեան: Որպէսզի, անխախտ հաւատքով եւ անկոտրում կամքով կարենանք պայքարիլ եւ շարունակել մեր պատերազմը, մինչեւ հասնինք սպասուած յաղթանակին եւ յաջողութեան:
Ուստի, կ՚աւելցնէ հեղինակ սրբազանը, Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու եւ անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու լաւագոյն միջոցը՝ աղօթքն է. ինչպէս ճգնաւոր հայրերէն մէկը ըսած է. «Եթե կ'ուզես Աստուծոյ հետ խօսիլ՝ աղօթէ»: Այս իմաստով, սաղմոսները, որպէս օրհնութիւններ, Աստուծոյ վերառաքուած աղօթքներ են, որոնք միաժամանակ ապրուած ամբողջական կեանքի մը հարուստ փորձառութիւնը ամփոփելով ու խտացնելով, մեծապէս կ'օգնեն մեզի` մեր դիմագրաւած պայմաններուն եւ պարագաներուն մէջ: Աղօթենք եւ միշտ սաղմոսենք, որպէսզի Աստուծոյ կենդանի ներկայութեամբ մեր սիրտերը լեցուին եւ անով զօրացած` անվախ եւ անարգել ընթանանք:
Սրբազան հայրը կը յուսայ, որ այս համեստ աշխատանքը իր դրական ներդրումը կ'ունենայ ընթերցողի Հոգեւոր աճման՝ զարգացման համար եւ մարդասէր Աստուած ի՛նք կը փառաւորուի անոր միջոցաւ:
Այս առիթով, հեղինակ սրբազանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք Հերկելեանին՝ աշխատանքը վերանայելուն եւ լեզուական անհրաժեշտ սրբագրութիւնները կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ՝ Օրդ. Մարալ Վարդապետեանին, իր անմնացորդ ներդրումին համար։
Դաւիթ Մարգարէի 1-18 սաղմոսներու մեկնաբանութեան Ա. հատորին շարունակութիւնը հանդիսացող Բ. հատորին մէջ, հեղինակ սրբազանը 469 էջերու վրայ կը մեկնաբանէ 19-34 սաղմոսները։
Կողքի Դաւիթ Մարգարէի սրբապատկերը գործն է Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի (Իտալիա)։
Գիրքի աւարտին կը ներկայացուի Մակար Արք. Աշգարեանի ցարդ հրատարակած գիրքերու ցանկը, որուն ամբողջութիւնը, այս վերջինը ներառեալ, կը բաղկանայ 27 գիրքէ, 15-ը Հալէպ հրատարակուած։
Մակար սրբազանի հոգեւոր գրականութեան մեկնաբանական եւ թարգմանական վաստակը կը խօսի հայ դպրութեան ու քրիստոնէական հաւատքին նուիրուած ջանասէր Առաջնորդի մը մասին, որ բանաւոր խօսքին կողքին կ՚արժեւորէ գրաւոր խօսքը, արեւմտահայերէնով հրատարակուած գիրքերու պատկառելի ժառանգ մը թողլով Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեմտաւոր գանձարանին։
«Գանձասար»