Փաքիստանը հարուածած է Իրանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացած է 7 մարդ, յայտարարած են իրանեան լրատուամիջոցները։
Փաքիստանը հարուածած է Իրանի հետ սահմանամերձ Սիսթան եւ Պելուճիսթան նահանգի Սերաւանի շրջանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացած է երեք կին եւ չորս երեխայ։ Ըստ իրանեան աղբիւրներու՝ զոհերը իրանցի չեն եղած։
France-Presse գործակալութեան յղում ընելով փաքիստանցի պաշտօնեային, հաղորդած է, որ հրթիռային յարձակումն ուղղուած էր «հակափաքիստանեան խմբաւորումներուն» :
«Ես միայն կրնամ հաստատել, որ մենք հարուածներ հասցուցած ենք հակափաքիստանեան գրոհայիններուն Իրանի մէջ», - պաշտօնեայի խօսքը մէջբերած է գործակալութիւնը:
Ըստ Փաքիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ Փաքիստանը տարիներ շարունակ անհանգստութիւն յայտնած է Թեհրանին այն առընչութեամբ, որ Իրանի տարածքին մէջ «պաքիստանեան ծագումով ահաբեկիչներ» ապաստան գտած են, սակայն Թեհրանը բաւարար միջոցներ չէ ձեռնարկած անոնց դէմ։