image

Պէյրութի Ճեմարանի նոր հունձքը մկրտուեցաւ նուիրեալ կրթական մշակ՝ Ալիս Գազանճեանի անունով

Պէյրութի Ճեմարանի նոր հունձքը մկրտուեցաւ նուիրեալ կրթական մշակ՝  Ալիս Գազանճեանի անունով

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 14 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի «Ալիս Գազանճեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Հերա Սաղրեան-Քիթապճեան. ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, որ սկսաւ օրիորդ Ալիսին նուիրուած տեսերիզով մը: Ապա Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրի վրայ ներկայացուցին նուագներ, որոնք յատուկ դրոշմ մը ձգեցին ներկաներուն վրայ: Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իրմէ խնդրուած սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ օրիորդ Ալիս Գազանճեան մինչեւ վերջին տարիներուն եղած է տնօրէնութեան խորհրդատու`, յայտնելով անկեղծ տեսակէտեր, թէկուզ զուսպ ձեւով:

Խօսք առաւ 2020-2021 շրջանաւարտներու կնքամայր Մարալ Մկրտիչեան-Գալայճեան: Ան ըսաւ, որ օրիորդ Ալիսը միշտ հետաքրքրուած էր Ճեմարանի նորութիւններով, նուաճումներով, ուսուցիչներով եւ աշակերտներով: Ապա նշեց. «Օրիորդ Ալիս օրուան համեմատ կ՛ապրէր` up to date-էր, անցեալի եւ ներկայի բաղդատական դնող չէր, իրմէ սորված եմ «Ամէն ինչ վարժութեան հարց է» խօսքը: Հիմա մեր լիբանանեան անսովոր առօրեային մէջ շատ պէտք ունինք այդպէս մտածելու»: Ան շարունակեց. «Օրիորդ Ալիս իսկապէս մանկավարժ ուսուցիչ էր, Լեւոն Շանթի, Վրացեանի շունչով մեծցած հայ տիպար Ճեմարանականը»: Իր խօսքին մէջ Մարալ Մկրտիչեան-Գալայճեան ներկայացուց Ալիս Գազանճեանին կենսագրական տուեալները: Վերջապէս, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ Ալիս Գազանճեան սերունդի շրջանաւարտներ, հպարտ եղէ՛ք ձեր կրած անունով: Մնացէ՛ք մօտիկ մեր սիրելի Ճեմարանին: Ճեմարանը ձեր տունն է: Վա՛ռ պահեցէք անոր ջահը` ըլլալով տիպար Ճեմարանական հայ երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ»:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը, որ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Կը կրէք Ճեմարանի կրթական սիւներէն մէկուն անունը: Կը կրէք Ճեմարանի մէջ երկար տարիներ վաստակ ունեցող իւրայատուկ հայ մանկավարժի մը անունը: Կը կրէք այն անձին անունը, որ իր զուսպ եւ հաւասարակշռուած կեցուածքով, իր համեստութեամբ եւ պարզութեամբ մեր բոլորին յարգանքին արժանացած է: Կը կրէք այն անձին անունը, որ մեր բոլորին ներշնչած է աշխատասիրութիւն, որ մեր բոլորին համար եղած է ժրաջան աշխատող անձի խորհրդանիշը: Կը կրէք այն անձին անունը, որ միշտ դասած է հայեցի դաստիարակութիւնը, իր բարձրորակ կրթութիւնը` իբրեւ կեանքի առաջնահերթութիւն: Կը կրէք այն անձին անունը, որուն համար Ճեմարանը իր տունն էր, եւ որուն համար Ճեմարանականները` իր ընտանիքի անդամները»:

Ապա աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Վստահ եմ, որ այսօր ձեզի հետ պիտի տանիք Ճեմարանի հանդէպ օրիորդ Ալիսին ունեցած նուիրուածութեան պատգամը: Ուր ալ ըլլաք, միշտ ձեր միտքը պահեցէք, որ Ճեմարանը ձեր տունն է»:

Ալիս Գազանճեանի ընտանիքին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Մարիա Գազանճեան-Գասպարեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան եւ Ճեմարանի ընտանիքին: Ան խնդրեց շրջանաւարտներէն, որ Ճեմարանի ջահն ու ոգին միշտ բարձր պահեն:

Յայտագրի աւարտին շրջանաւարտները հերթաբար ներկայացուցին իրենք զիրենք եւ իրենց համալսարանական մասնագիտութիւնը, որմէ ետք իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստացաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան ապարանջան, որուն վրայ փորագրուած էր «Ա. Գազանճեան»:

Ձեռնարկի աւարտին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն