image

Պէյրութի մէջ. Ներկայացուած է «Զուլալի» տեսաֆիլմը

Պէյրութի մէջ. Ներկայացուած է «Զուլալի» տեսաֆիլմը

ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, օրերս, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուած է բեմադրիչ Հայկ Օրդեանի «Զուլալի՛» ժապաւէնը (2021):

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Լիբանանի մէջ, ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը նախաձեռնած է շարք մը հայկական ժապաւէններու ցուցադրութեան` նպատակ ունենալով ներկայացնել ազգային ժառանգութիւնը եւ խթանել հայաստանցի ու սփիւռքահայ բեմադրիչներու գործերը:

Այդ ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 17 Յունուարի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկ Օրդեանի «Զուլալի» գեղարուեստական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը հիմնուած է Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ եւ կ՛անդրադառնայ համամարդկային արժէքներու` ընտանիք, սէր, ցաւ եւ տառապանք, ներկայացնելով զգացական պատմութիւն մը:

Տաւուշի բնութեան հրաշալի պատկերներուն զուգահեռ, ժապաւէնին մէջ շեշտուած կերպով կ՛երեւին բնակիչներուն թշուառութիւնը եւ իրենց ճակատագիրին յանձնուած սահմանամերձ գիւղի բնակիչներուն հոգեվիճակը: Մէկ յարկի տակ ապրող գլխաւոր հերոսներէն իւրաքանչիւրը կը մարմնաւորէ տարբեր նկարագիր մը եւ հոգեբանութիւն մը, որոնց վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունին կեանքի պայմանները եւ մարդոց դրական թէ ժխտական վերաբերումները:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութիւն ունեցող ժապաւէնին մէջ յստակ կերպով կ՛ընդգծուի լաւին եւ վատին հանդիպումը, ժխտականին յաջորդող դրականը, որմով իր աւարտին կը հասնի «Զուլալի»ն:

Ցուցադրութեան ներկայ գտնուող հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ժապաւէնին նկատմամբ` շեշտելով անոր գեղարուեստական արժէքը եւ խորիմաստ պատգամը: