image

Իրանահայ բեմադրիչ՝ Անահիտ Ապատի տեսաֆիլմը մրցանակ ստացաւ

Իրանահայ  բեմադրիչ՝  Անահիտ Ապատի տեսաֆիլմը մրցանակ ստացաւ

Իրանահայ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի «Եւա» ժապաւէնը արժանացած է Հռոմի՝ ֆրանսախօս ֆիլմերու 11-րդ փառատօնի (Մարտ 17-էն 21) «Հանդիսատեսի մրցանակ»ին:

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ելոյթ ունեցած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանուհի Ծովինար Համաբարձումեան եւ բեմադիր Անահիտ Ապատ:

Ֆիլմին իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են Դադիվանք գիւղին մէջ, Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն քանի մը տարի ետք: Հոն կը պատմուի թէ ինչպէս պատերազմը երկար ժամանակի ընթացքին կ'ազդէ մարդոց ճակատագրերուն վրայ՝ պատճառելով ցաւ ու տառապանք:

Պատմութիւնը հետեւեալն է. Կասկածներ կան, որ Եւա՝ իր ամուսնոյն սպանութեան հեղինակն է: Ան կ'առնէ իր դուստրը Նարէն եւ փախուստի կը դիմէ ու կ'երթայ գիւղ մը, ուր Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին աշխատած է որպէս բժշկուհի,-այն յոյսով, որ հոն ոչ ոք պիտի ճանչնայ զինք: Պատերազմի յուշերը եւ իր անցեալը, սակայն, «փախուստ»ի ոչ մէկ ելք կը թողեն իրեն: