Բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» շարժանկարին, որ կ՛անդրադառնայ արցախեան պատերազմին, անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Հոկտեմբերին «ԿԻնոփարք» շարժանկարի սրահին մէջ: Ցուցադրութեան ներկայ եղած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Ճիւան Աւետիսեան նշած էր, որ ֆիլմի ստեղծման ընթացքին ունեցած են բազմաթիւ դժուարութիւններ։ «Հայաստանի մէջ ֆիլմ նկարահանելը, այն ալ` արցախեան թեմայով, բաւական բարդ է թէ՛ նիւթական, թէ՛ քաղաքական առումով: Այս անգամ եւս հարեւան պետութիւնը փորձեց խոչընդոտել արտասահմանեան դերասանական եւ ստեղծագործական կազմի ներգրաւուածութիւնը ֆիլմին եւ արտասահմանեան նկարահանումներուն, որ դժուարացուց եւրոպական կողմի ֆինանսական աջակցութեան հարցը: Այո, մեր հարեւանները մեզ փորձած են խոչընդոտել, բայց մենք հոսանքին հակառակ առաջ ընթացանք եւ այսօր արդէն ունինք մեծ արդիւնք: Ֆիլմի թիրախային հանդիսատեսը ամբողջ աշխարհն է, ուստի մենք ֆիլմ կը ստեղծենք միլիոնաւոր մարդոց համար»,-ընդգծած էր Աւետիսեան:
Ֆիլմը նուիրուած է Արցախեան պատերազմին, գործողութիւնները կը ծաւալին 2016 թուականին: Նկարահանումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի, Արցախի եւ Լիթուանիոյ մէջ: Համաարտադրող երկիրներն են Հայաստանը, Լիթուանիան, Գերմանիան, Ֆրանսիան, ԱՄՆ-ն, Պուլկարիան, Չեխիան եւ Իտալիան: Դերասանականները յայտնի օտար եւ հայաստանցի դերասաններ են: շարժանկարը պիտի ցուցադրուի ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ։
Այնուհետեւ շարժանկարը պիտի մասնակցի միջազգային փառատօններու: