image

Պատուենք Մեր Մայրը

Պատուենք Մեր Մայրը

Մեր մայրը` Ս. Աստուածածինը արժանի է պատիւի: Տասը պատուիրանին մէջ կայ մարմնաւոր մեր ծնողքը պատուելու կարեւոր պատուիրանը։ Հոգեւոր մեր մայրն ալ պատուելու պարտական  ենք: Քրիստոս խաչին վրայ երբ վիշտեր կրեց, յիշեց Իր մայրը եւ զայն խնամելու պաշտօնը յանձնեց աշակերտին` Յովհաննէսին: Այդ պահէն սկսեալ Աստուածածինը եղաւ մայրը առաքելոց դասուն եւ հաւատացեալներու խումբին: 

«Ահաւասիկ մայրդ»։ (Յհ 19.27) ըսաւ Յիսուս իր աշակերտին: Մեր Տէրը Նոյնը կ`ըսէ նաեւ մեզի: 

Ս. կոյսը լուռ էր։ Իր տխուր իրավիճակին վերաբերեալ արտայայտութիւն չունեցաւ, չխնդրեց Յիսուսէն խնամատար մը, որպէսզի հոգածութիւն ցուցաբերէ : Մեր Տէրը ինք հոգատար զաւակի օրինակ հանդիսացաւ նոյնիսկ երբ կը չարչարուէր խաչին վրայ: Յիսուս չսպասեց որ մայրը խօսի, այլ ինք Տիրամայրը խնամելու սուրբ պաշտօնը յանձնեց աշակերտին: Ի՜նչ  գուրգուրալից կեցուածք,  անմոռանալի դաս եւ սիրալիր վերաբերմունքի տպաւորիչ տեսարան։

Ս.Կոյս Մարիամ Աստուածածնին կը պատուենք Յիսուսի օրինակին հետեւելով: Եթէ Ս. կոյս Մարիամին երկիւղած յարգանք ընծայելէ եւ մեծարելէ խուսափինք, Յիսուսի սիրտը խոցած կ`ըլլանք։

Առաքեալները երբ սկսան Աւետարանը քարոզել ունէին ազդեցիկ երեք միջոցներ, որոնք մեծապէս նպաստեցին իրենց առաքելութեան պտղաբերման եւ հաւատքի տարածման։ Առաջինը` Սուրբ Հոգին, երկրորդը Հին Կտակարանի մարգարէական վկայութիւնները, երրորդը` Ս.Կոյսը։ Ան հարուստ փորձառութեան եւ հոգեւոր ջերմեռանդութեան շնորհիւ եղաւ յուշարարը փրկութեան ծրագրին հետ կապուած ճշմարտութիւններուն։

Աստուածածինը տաճարին նուիրուած եւ հոգեւորապէս դաստիարակուած էր։ Տաճարին պաշտամունքային կեանքին եւ աղօթական մթնոլորտին միջոցաւ սորված էր աստուածահաճոյ վարքին սկզբունքները։

Ս.Կոյս Մարիամը "Տիրամայր" ըլլալու եզակի արժանիքին, մեծ պատիւին եւ գերազանց շնորհքին արժանացաւ, որովհետեւ խոնարհաբար ապրելու վարժ էր։ Աւետարանին մէջ որոշ առիթներով խօսած է։ Ընդհանրապէս լուռ էր, խորհրդաւոր լռութեան ընդմէջէն իր սրտին մէջ կը պահէր բարեպաշտական զգացումներ եւ խոր ապրումներ, որոնք վստահաբար դրսեւորուեցան առաքեալներու գործունէութեան ժամանակ։

Քրիստոսի ոտնահետքերը կրող հողատարածքները սրբավայրեր կը նկատուին, որքա՜ն աւելի սուրբ է ընտրուած շնորհալի Ս.Կոյսը, որ ինը ամիս իր որովայնին մէջ կրեց Փրկիչը մարդկութեան։ 

Ուխտի տապանակին մէջ կը պահուէր տասնաբանեայ պատուիրաններուն զոյգ տախտակները, Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանը եւ մանանայով լեցուն ոսկեայ սափորը (Եբր 9.4) Աստուածածինը կոչուեցաւ 

Նոր ուխտի տապանակը։ Ան իր մէջ ընդունեց խոստացուած ճշմարիտ Ազատարարը, օրէնքին եւ մարգարէութեան կատարումը հանդիսացող Փրկիչը , մեղքեր քաւող Զոհը եւ դրախտային երանութեան առաջնորդող երկնաւոր Արքան։ Ահա թէ ինչո'ւ եկեղեցւոյ հայրերը գովգերով, ճառերով, շարականներով եւ խորհրդածութիւններով կը մեծարեն Աստուածածինը եւ որդիաբար կը դիմեն իր բարեխօսութեան։

"Ինչ որ ըսէ ձեզի` կատարեցէ'ք"(Յհ 2.5)

Կանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հարսանիքի ժամանակ Ս.Կոյսը սեղանի սպասաւորներուն թելադրեց գործադրել Քրիստոսի տուած հրահանգը։ Ան ըսաւ. "Ինչ որ ըսէ ձեզի` կատարեցէ'ք" (Յհ 2.5)

Այս խօսքերը անմիջական էին։  Տիրամօր այս արտայայտութիւնը վստահութեան պերճախօս վկայութիւնն էր։ Կրաւորական վիճակէն դուրս գալու եւ Տիրոջ հետ սերտ գործակցութիւն ունենալու քաղցր հրաւէր էր։ Ափսոսալու փոխարէն Քրիստոսի հրաշագործ զօրութեան ապաւինելու մայրական խրատ էր։

Այսօր ալ Ս.Կոյս Մարիամին նոյն խօսքերը կը հնչեն հոգեհարազատ ոճով եւ աղօթախառն ձայնով, որպէսզի Սաղմոսին հետ կարենանք ըսել." Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը"։(Սղ 16.5)

Ս.Կոյս Մարիամը հաւատքի աստուածահաստատ դպրոց է իր Քրիստոսակեդրոն ուղեցոյցով, յաղթական երթով եւ օրհնաբեր խորհուրդներով։

Ո՜վ Աստուածածին, Յիսուսի մարմինը երբ արիւնլուայ էր, քու սիրտդ ալ արիւն կ՚ուլար։ Երբ Տիրոջ մարմինը խաչին վրայ վէրքերով էր, դուն ալ Իր հետ ցաւ կը զգայիր։

Սիմոն ծերունին ըսաւ քեզի.«Քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի»։ (Ղկ 2.35) Այդ սուրը դեռ կ՚անցնի սրտէդ, քանի յաճախ Որդիիդ սիրտը կը տրտմեցնենք մեր կարծրասրտութեամբ։

Մայր մեր սիրելի, դուն ցաւ կրեցիր մինչեւ վերջ։ Խաչին մօտ կեցար, եւ Որդիիդ վիճակը տեսար, բայց  դիմացար եւ համբերեցիր` Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ համակերպելով։

Յիսուսասէր մայր, քու հաստատուն հաւատքիդ օրինակը ներշնչող է եւ յաւէտ խօսուն։      

Դուն երկինք փոխադրուեցար, քանզի երկնաւոր Արքային մայրն ես։ 

Աղօթէ մեզի համար ո՜վ Մայր շնորհալի եւ Կոյս պատուական, որպէսզի մեր երկրաւոր կեանքը հաւատքով արժեւորելու զօրութիւնը ստանանք, մեր առօրեան յոյսով գեղեցկացնելու կամքը ունենանք եւ մեր երթը սիրով ծաղկազարդելու տեսիլքով ընթանանք։  Ահա ա'յն ատեն պիտի վայելենք քու հրաշալի հովանիդ` փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։ Ամէն։

Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...