Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէս գիշերին հարուածներ տուած է Դամասկոսի գիւղական հատուածի Զապատանի շրջանին ուղղութեամբ։ Ըստ «Ալ մարսատ ալ սուրի» կայքին, հարուածները թիրախ ընտրած են Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի պատկանող լերան մէջ փորուած ռազմական զինապահեստանոց մը։ Շրջանը կը կոչուի «Նապի Հապիլ» եւ հեռու կէտ մը չէ իսրայէլեան սահմանէն եւ դիրքերէն։ Մարդկային կորուստներու մասին տուեալներ չկան։
Յիշեցնեմ, որ այս հարուածները կը կատարուին «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի օրեր առաջ տուած հարցազրոյցէն ետք, ուր ան բառացիօրէն խօսեցաւ իրենց կուսակցութեան «Խելացի հրթիռներ» ունենալուն մասին։