Օդանաւ ելլելու ժամանակ Պայտըն քանիցս սայթաքած եւ ինկած... (Տեսանիւթ)
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը մի քանի անգամ սայթաքած է եւ անգամ ինկած է «թիւ 1 օդանաւի» աստիճաններուն: Այդ մասին կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի Telegram-ալիքը, ուր նաեւ հրապարակուած է դէպքի տեսանիւթը:
«Պայտընը կը մեկնի Ճորճիա: «Թիւ 1 օդանաւ» բարձրանալու ժամանակ ան քանի մը անգամ սայթաքած է եւ անգամ ինկած, այնուհետեւ վեր կեցած եւ ձեռքով ողջունած է ճանապարհողները»,-նշած է ՌԻԱ Նովոստին: